ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
Արդէն տարի մը անցած է Լենա Եարտըմեանի (ծնեալ` Գասարճեան)` կողակիցը Պէյրութի ծանօթ ազգայիններէն Հայկազ Եարտըմեանի, այս աշխարհէն աչքերը փակելուն:
Զայն վաղուց ճանչցած էի` իբրեւ Զոքաք Պլաթի մեր թաղեցին, մեր բնակարանը դէմ դիմաց էր իրենց բնակարանին: Հալէպէն Գասարաճեաններուն Պէյրութ ժամանումէն ետք Լենան յաճախած էր, եղբօր` Յակոբին հետ, Մեքսիք փողոցին վրայ նոր փոխադրուած Հայ աւետ. քոլեճը, ուր ես ալ կ՛ուսանէի: Ան ինձմէ չորս դասարան վար էր, բայց դրացիներ ըլլալով` լաւածանօթ էր ու դպրոցէն տուն երթեւեկող խումբին մէջ էր: Ընկերային բնաւորութեան տէր, շէնշող, միշտ խօսակցութեան նիւթ ունեցող էր: Դպրոցին մէջ իր կենսուրախութիւնը նշմարելի էր:
Տարիներու թաւալումին հետ դարձած էինք համալսարանական եւ անդամակցած` ՀԵԸ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան, 1959-1960, իմ ատենապետի վարչութեանս մէջ էր Լենան` ներկայացնելով Պէյրութի աղջկանց քոլեճի (B.C.W. ներկայիս L.A.U.) անդամուհիները:
Ան ժողովներուն ընթացքին ունէր իր տեսակէտը պարզելու յատուկ քարոզութիւն: Ընկերային ձեռնարկներու փայլքն էր իր զուարթախօսութեանը յատուկ խօսակցութեամբ եւ եռանդով, կը զգայիր, որ տիրապետող էր իր ընկերային շրջանակին մէջ: Միաժամանակ` սիրուած ու յարգուած:
Հայ աւետ. քոլեճի տնօրէնութեան երկարամեայ ժամանակաշրջանիս, ամէն անգամ որ Լենա Եարտըմեանին դիմած էինք, սիրով ընդառաջացած էր ծառայել անոր Շրջանաւարտից միութեան իրերայաջորդ վարչութիւններու մէջ, նախ իբրեւ փոխատենապետուհի` 1993-ին, եւ ապա` ատենապետուհի: Ղեկավարի եւ կազմակերպելու ձիրք ունէր: Փայլուն հետք մը ձգեց դպրոցի Շրջանաւարտից միութեան պատմութեան մէջ:
Ան իր հին բարեկամութիւնները պահպանող էր: Վերջին տարիներուն նուազ կը տեսնէի զինք: «Քորոնա» ժահրի շրջանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք մեր խօսակցութիւնները հեռաձայնային էին: Վերջին շրջանին կը գանգատէր առողջական հարցերէ եւ կը յայտնէր, որ 4 օգոստոս 2020-ի պայթումը շատ ցնցած էր զինք: Նախկին լաւատեսութիւնը չքացած կը թուէր, սակայն իր խօսակցութիւնը միշտ եռանդուն էր:
Լենա Գասարճեան-Եարտըմեանը զինք ճանչցողներու սիրտերուն մէջ մնայուն տեղ ունի: Բարի յիշատակը վառ մնայ: Յաւիտենական հանգիստ` իր աճիւններուն:


