Կիրակի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ, ախոյեանութեան նախավերջին շաբթուան մրցումներուն գծով:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը առանց ճնշումի պիտի կատարեն այս մրցումը, որովհետեւ միացեալ 2 մրցումներուն արդիւնքները բան պիտի չփոխեն դասաւորման գծով: Այժմու խումբը պիտի մնայ Դ. դասակարգ, յոյս չունի բարելաւելու իր դիրքը, եւ այժմէն պէտք է պատրաստուիլ յառաջիկայ եղանակին համար: Տինամօ Պէյրութ իր կարգին միջակ խումբ մըն է, որ քանի մը տարիէ ի վեր պարզապէս կը մասնակցի Դ. դասակարգի մրցումներուն:
Այս բոլորը սակայն չեն նշանակեր, որ տղաքը պէտք է անհոգ խաղան, պէտք է խաղան ինչպէս միշտ լրջութեամբ` 3 կէտ շահելու համար:
Ստորեւ` 8-րդ հանգրուանի եւ նախավերջին մրցումներուն յայտագիրը.
Զամալեք Պէյրութ – Նօ Լիմիթց
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ
Նուժում Պէյրութ – Արզ
Պէյրութ Ֆ. Ք. – Սապիլ
Լիբանանեան բանակ – Անդրանիկ
Դասաւորումը` 8-րդ հանգրուանէն առաջ.
1.- Լիբանանեան բանակ 18 (29-7) ԿԷՏ
2.- Արզ 15 (28-8) ԿԷՏ
3.- Անդրանիկ 15 (21-9) ԿԷՏ
4.- Նուժում Պէյրութ 15 (20-15) ԿԷՏ
5.- Տինամօ Պէյրութ 13 (13-9) ԿԷՏ
6.- Սապիլ 12 (16-12) ԿԷՏ
7.- ՀՄԸՄ Պէյրութ 9 (14-18) ԿԷՏ
8.- Պէյրութ Ֆ. Ք. 6 (15-23) ԿԷՏ
9.- Նօ Լիմիթց 1 (7-32) ԿԷՏ
10.- Զամալեք Պէյրութ 0 (4-34) ԿԷՏ


