Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Հիլալ հասաւ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտական` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իթթիհատ (Սէուտական Արաբիա) խումբին: Երթին ալ արդիւնքը 2-0 էր, եւ այս վերջին մրցումը եղաւ Հիլալի յաջորդական 28-րդ յաղթանակը` արձանագրելով աշխարհի մրցանիշ:
Եասեր Շահրանի եւ պրազիլցի Մալքոմ նշանակեցին Հիլալի կոլերը: Հիլալ, որ 4 անգամ շահած է այս մրցաշարքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբին դէմ պիտի մրցի կիսաւարտականին: Նշենք, որ Այն դուրս ձգած էր Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր խումբը` փենալթիներով:
Այս յաղթանակով Հիլալ կրցաւ Կալեսի ակումբ տը Նիու Սէինթսի մրցանիշը (2016-2017-ին 27 յաջորդական յաղթանակ) բարելաւել: Կալեսի ակումբէն առաջ մրցանիշը կը պատկանէր Այաքս Ամսթերտամին, որ յաջորդական 26 մրցումներ յաղթած էր 1971-1972 տարեշրջանին, մրցանիշ մը, որ 44 տարի մնաց անփոփոխ, մինչեւ 2016-2017:
«Ամէն անձ Հիլալ ակումբին մէջ ուրախ է ֆութպոլի պատմական մրցանիշ մը իրագործելու առումով` 28 յաջորդական մրցումներ յաղթելով: Ինչպէս միշտ ըսած եմ, մրցանիշները կարեւոր չեն, որքան տիտղոսները: Հիլալ ակումբին մէջ բոլորին պարտականութիւնն է ախոյեան դառնալ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եւ մեր նպատակներուն հասնիլ բաժակի մրցաշարքերուն: Այդ ժամանակ իրապէս պէտք է տօնել», ըսաւ Հիլալի մարզիչ փորթուգալցի Ժորժ Ժեսուս:
Նշենք նաեւ, որ Հիլալ խումբին մաս կը կազմէ պրազիլցի Նէյմար, որ սակայն 15 օգոստոս 2023-էն ի վեր միայն 3 մրցումի մասնակցած է` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Նէյմար 90 միլիոն եւրոյի փոխարէն միացած էր Սէուտական Արաբիոյ ակումբին` դառնալով ամէնէն սուղ մարզիկը, ստանալով ամսական 12,5 միլիոն եւրօ, 6 անգամ աւելի` Փարիզ Սեն Ժերմենի իր աշխատավարձէն:


