Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թշնամի Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը

March 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեն ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքները` պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հասպայայի, Իքլիմ Խարրուպի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Զահլէի վերեւ:

Իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Պայտար, Մաժտալ Զուն, Պրաաշիթ, Թալուսա, Այթա Շաապ, Մըթրան բարձունք եւ Համամես շրջանները:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քարանթինայի բարձունքները` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին դիրքին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերուն:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, իբրեւ պատասխան բռնագրաւուած լիբանանեան հողերուն` Քֆարշուպայի բարձունքներուն գտնուող իսրայէլեան Սըմմեքա դիրքը ռմբակոծուեցաւ Դիմադրութեան հակահրասայլային հրթիռներով:

Ռմբակոծումը թիրախ դարձուց դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը, ինչպէս նաեւ զինուորական սարքեր:

Դիմադրութեան մարտիկները «Ֆալաք 1» հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:

Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Տիշոն բնակեցման վայրը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Հատի Մահմուտ Հիժազի եւ Ֆատըլ Ապպաս Քաուուր միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

Նախորդը

Պըրրի Մաուլաուիի Եւ Մանսուրիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Եւ Ելեւմտական Կացութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Անդամ Դեսպանները Գումարեցին Նիստ Մը

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.