Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Անդամ Դեսպանները Գումարեցին Նիստ Մը

March 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի Լիբանանի քաթարեան դեսպանատան մէջ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերահաստատած են նախագահական ընտրութիւն կատարելու առաջնահերթութիւնը` խոստանալով զօրակցիլ նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին իրականացնելու ջանքերուն:

Միւս կողմէ, լիբանանեան կարգ մը օրաթերթեր հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ հապճեպ կերպով մեկնած է Քաթար:

Տոհայի մէջ Հասան Խալիլ ունեցած է հանդիպումներ քաթարցի պատասխանատուներու հետ եւ քննարկած նախագահական ընտրութեան ու հարաւային Լիբանանի կացութեան վերաբերող հարցեր:

Հասան Խալիլի հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները մնացին գաղտնի:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսկական որոշումը կը գտնուի Թեհրանի մէջ եւ ոչ Պէյրութի:

Հէյլ հաստատեց, որ իր կարծիքով` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ նախագահական ընտրութեան միջեւ ոչ մէկ կապ կայ` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ կապ ստեղծելը կրնայ պատճառ դառնալ երկու թղթածրարներու խոչընդոտումին:

Նախորդը

Թշնամի Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանը

Յաջորդը

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Յանձնախումբի Փոխատենապետ

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.