ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ՍԵԴՐԱԿ ԷՄՄՕՂԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 1 մարտ 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Սիլվա Գումրույեան եւ զաւակները` Շողեր եւ Հրակ (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սինթիա Մենտիլեան եւ դուստրը` Ճիանինա
Տէր եւ տիկին Մկրտիչ եւ Սարբի Գույումճեան եւ զաւակները` Լորի եւ Մայք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սապին Թիւֆենքճեան եւ դստերք` Մարիլին եւ Սարին (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Քեթի Մենտիլեան եւ զաւակները` Ատամ, Այա եւ Ալեքսանտրա (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Իլիա եւ Մեղրի Պարանով եւ դստերք` Լարսա եւ Ռոյա (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Շաղիկ Մենտիլեան
Տէր եւ տիկին Փիթըր եւ Անահիտ Պասմաճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մատլեն Խանճեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Տիանա Արսլանեան եւ ընտանիք
Ապունայեան եւ Գումրույեան ընտանիքներ
Մենտիլեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Թիւֆենքճեան եւ Խանճեան ընտանիքներ
Պասմաճեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Պաղտասարեան եւ Քրճիւքեան ընտանիքներ
Այնէճեան եւ Իսքանտարեան ընտանիքներ
Կոստանեան եւ Խաչատուրեան ընտանիքներ
Տէր Պետրոսեան եւ Պենամար ընտանիքներ
Պարանով ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՍՏՂԻԿ ԱՊՈՒՆԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԽԱՆՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 29 փետրուար 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 1 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպես հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին շաբաթ, 2 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկերսակի` նուիրատուութիւնները կատարել բարեսիրական հաստատութիւններու:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱԶՆԻՒ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 մարտ 2024-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Համազգայինի «ԿՈՄԻՏԱՍ» մասնաճիւղ
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի հերթական ընթրիք: Իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն`
ԿԱՍԻԱ ՇԱՏԱՐԵՒԵԱՆ
ընկերակցութեամբ` ՇԱՆԹ ՏԻՇՉԷՔԷՆԵԱՆի
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ «Նշան Փալանճեան» կեդրոն, Զոքաք Էլ Պլաթ:
Սակ` 15 ամ. տոլար
- Կը խնդրուի տեղերը նախօրօք ապահովել, հեռ. 03-617955:
—————————————
ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԻ (ԲԻԱՆՕ)
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ
Տիկին Անժելա Խտըշեան վերադարձած ըլլալով Լիբանան, վերսկսած է դասաւանդել դաշնամուրի անձնական դասեր: Ժամադրութեան համար հեռաձայնել 01-446078 կամ 71-179288 թիւերուն:


