Ֆինիքս Սանզ Արիզոնայի մէջ «տաք» մրցումէ մը ետք կրցաւ պարտութեան մատնել Հիւսթըն Ռոքեթցը` 110-105 արդիւնքով:
«Օլ Սթար»-ի աստղերէն Տեւըն Պուքըր եւ Հիւսթընի ռուքի Քէմ Ուիթմոր պզտիկ վէճէ մը ետք թեքնիքըլ ֆաուլեր ստացան 4-րդ մասին:
Սանզի «երկար» տղոցմէ Եուսուֆ Նուրքիչ հասաւ օգնելու իր խմբակիցին: Պուքըր 35 կէտ նշանակեց եւ Քեւըն Տիւրենթ աւելցուց 24 կէտեր ի նպաստ Ֆինիքսի, որ կրցաւ «զսպել» Հիւսթընի յառաջխաղացքը 4-րդ մասին: Երկու խումբերը վաղը առաւօտեան կրկին պիտի մրցին իրարու դէմ, նոյն դաշտին վրայ:
Նուրքիչ 16 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 3 պլոք կատարեց 6 ֆաուլ կատարելով դուրս ելլելէ առաջ: Իր ամէնէն «տաք» վայրկեանները եղան 4-րդ մասին, երբ 2 անգամ գնդակը խլեց Ուիթմորէն` Ֆինիքսի համակիրներուն քաջալերանքը վայելելով:
«Շատ կարեւոր է… Այս բանը կը նշանակէ, որ խումբին անդամերը իրարու կը պաշտպանեն», ըսաւ Պուքըր:
«Ճիշդ ժամանակին պէտք եղածը եղաւ: Երբ մրցումը կարծրանայ, պէտք է կարծր մարզիկ ունենաս օգնելու: Այդ պահուն կը գիտնաս, որ այսպիսի անձեր ունիս խումբիդ մէջ»:
Պուքըր 20 կէտ նշանակեց առաջին մասին, եւ Սանզ 12 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Հիւսթընի վրայ: Ան 6 տարբեր մրցումներու 20 կէտ կրցաւ նշանակել 1 մասի (12 վայրկեան) ընթացքին:
3 անգամ «Օլ Սթար» մրցումներու մասնակցած Պրետլի Պիլ յաջորդական 5-րդ մրցումը ըլլալով բացակայեցաւ մկանի հարցերու պատճառով:
Թեքսասի մէջ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 5 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք կրցաւ 132-118 արդիւնքով յաղթել Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի:
Ֆրանսացի 20 տարեկան ռուքի Վիքթոր Ուեմպանեամա 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ մրցումէն ետք բարձրախօսով համակիրներուն գոռաց` ցոյց տալով, թէ որքա՛ն կարօտ ունի յաղթանակ տօնելու իր համակիրներուն առջեւ: Ուեմպի աւելցուց 7 էսիսթ եւ 5 պլոք` նշանակելով 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ:
Անթոնի Տէյվիս 40 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, որ 134-131 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը:
Սթեֆըն Քըրի 31 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի, որ պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը` 110-99 արդիւնքով: Ան 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:
Միլուոքի Պաքս 111-99 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին` օգտուելով Եաննիս Անթեթոքումփոյի տուպլէն (24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Պրուքլին Նեթց – Աթլանթա Հոքս 124-97
Նիւ Եորք Նիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 99-110
Չարլոթ Հորնեթց – Միլուոքի Պաքս 99-111
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 132-118
Ֆինիքս Սանզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 110-105
Տենվըր Նակեթց – Մայեմի Հիթ 103-97
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 134-131


