Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

March 2, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին Օծում Եւ Կարգ Թաղման
Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեանի

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, հինգշաբթի, 22 փետրուար 2024-ի կէսօրին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, եւ կատարուեցան հոգելոյս Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեանի վերջին օծման եւ թաղման կարգի արարողութիւնները: Միաբան հայրերու եւ դպրեվանքի սաներու հոգեթով շարականներու երգակցութեամբ եւ լուսարարապետ սրբազան հօր` Կոմիտաս արք. Օհանեանի ձեռամբ, Հայ եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնը վերջին անգամ ըլլալով դրոշմուեցաւ վախճանեալ հայր սուրբին ճակատին ու ձեռքերուն: Վերջին օծման արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետն ու միաբան հայրերը վախճանեալ հայր սուրբին միւռոնաօծ ճակատն ու ձեռքը համբուրելով` մատուցեցին իրենց յարգանքի վերջին տուրքը:

Ապա դամբանական խօսեցաւ լուսարարապետ սրբազան հայրը: Անոր խօսքին առանցքը դարձան Պօղոս առաքեալի բառերը. «Ես եկեղեցիին ծառայ եղայ` իբրեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած պարտականութիւն, որպէսզի իր ամբողջութեանը մէջ ձեզի քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը» (Կղ 1.25), եւ 1963 թուականէն` որպէս հոգեւոր զինուորը Քրիստոսի, Հայ եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ան ծառայեց աւելի քան կէս դար եւ տեւաբար քարոզեց Քրիստոսի խօսքը մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըսաւ քարոզիչ սրբազանը: Ներկայացնելէ ետք լուսահոգի հայր սուրբին կենսագրական գիծերը եւ ունեցած եկեղեցական ու ազգային աւելի քան կէսդարեայ գործունէութիւնը` սրբազան հայրը յուզումով յիշեց իր եւ հայր սուրբին դպրեվանք ընդունելութեան համար քննութիւն դիմելու առաջին օրը, երբ հայր սուրբը երգեց «Նոր լուսաբացին արեւին առաջ» երգը: Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ վախճանեալ հայր սուրբը` «Մեր Ս. Աթոռին նուիրեալ միաբաններէն մէկն էր, եւ կը մնայ նուիրեալ իր յիշատակը: Ան այս կաթողիկոսութեան որպէս հոգեւոր զինուորը, հազիւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած, առաքելութեան ղրկուեցաւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան եւ սիրով գնաց, ուր որ ղրկուեցաւ, եւ ծառայեց նուիրումով: Եղիշէ հայր սուրբին ծառայութիւնը ի նպաստ Հայ եկեղեցիին` ես կը կոչեմ նուիրեա՛լ ծառայութիւն: Ան սիրով եւ նուիրումով լուռ ու մունջ ծառայեց` ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի վկայութիւն Աստուածաշունչի քարոզութեան»:

Վերջապէս, Կոմիտաս արքեպիսկոպոս, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան եւ անձնապէս խորազգաց ցաւակցութիւն ու վշտակցութիւն յայտնեց լուսահոգի հայր Եղիշէի ընտանիքին եւ աղօթեց, որ Աստուած հայր սուրբին հոգին արժանի ընէ երկինքի արքայութեան եւ վեհափառ հայրապետին ու միաբանակից եղբայրներուն մաղթեց Քրիստոսի յարութեան շունչով նպատակասլաց ծառայութիւն:

Ս. պատարագի աւարտին միաբան հայրերը իրենց հոգեւոր եղբօր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին «Զարեհեան» յուշարձան-դամբարան, ուր հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը, ինչպէս նաեւ` հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը:

Եկեղեցական արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ: Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւններ:

Լիբանանի Երկրագործութեան Նախարարութեան
Ընդհանուր Տնօրէն Լուի Լահուտի Այցելութիւնը

Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուի Լահուտ: Հանդիպումին ներկայ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան եւ Այնճարի ու հայահոծ այլ շրջաններու միջեւ երկրագործական ու արտադրողական մարզերէն ներս նախարարութեան հետ գործակցութիւն ստեղծելու կարելիութիւնները:

Ընդհանուր քննարկումներէ ետք յարմար նկատուեցաւ, որ մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը ճամբով աւելի լայն քննարկումներ տեղի ունենան:

Միջքրիստոնէական Գործակցութեան Համախմբումը
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Հինգշաբթի, 22 փետրուար 2024-ին Արամ Ա. կաթողիկոսը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջքրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու կաթողիկոսին տեսակէտը` քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերուն մէջ միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու վերաբերեալ: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը` կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերուն մէջ:

Լսելէ ետք ներկաներուն կատարած աշխատանքը եւ իմանալէ ետք անոնց մօտեցումները, Արամ Ա. շեշտեց հրամայական անհրաժեշտութիւնը ներքին գործակցութեան ճամբով քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու: Ան ըսաւ, որ միութիւնը տեսութիւն չէ, այլ կեանքի իրականութիւն է, որ ինքզինք պէտք է արտայայտէ գործնական միջոցներով: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ միութեան եւ այս ուղղութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս թարգմանելու կարեւորութիւնը եւ կարելիութիւնը: Հայրապետը այս ուղղութեամբ կարգ մը շօշափելի պարագաներ պարզեց` յիշելով յատկապէս երիտասարդական բնագաւառէն ներս միջքրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ յայտնեց, որ մեր եկեղեցին ու եկեղեցւոյ առնչուած կառոյցները պատրաստ են միջքրիստոնէական գործակցութեան, որ պէտք է դառնայ հիմքը քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան:

Մաշտոցեան Մատենադարանի Տնօրէնութեան
Պաշտօնական Այցը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 22-26 փետրուար 2024-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ տնօրէն Արա Խզմալեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Վահէ Թորոսեան (տեղակալ), Գուրգէն Գասպարեան (խորհրդական) եւ Միհրան Մինասեան (խորհրդական):

Ուրբաթ, 23 փետրուարի առաւօտուն պատուիրակութիւնը իր պաշտօնական այցը տուաւ վեհափառ հայրապետին: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան խորացման տարաբնոյթ նիւթեր: Հիմնական երկու մարզերու մէջ անոնք փափաքեցան ունենալ վեհափառ հօր տեսակէտն ու օրհնութիւնը: Նախ` հայկական ձեռագրական ժառանգութեան վերարժեւորման, գրչագրական կեդրոններու միջեւ համագործակցութեան, ձեռագիրներու պահպանման, վերականգնումի եւ թուայնացումի վերաբերեալ, ապա` հայագիտութեան ներկայ վիճակն ու ապագայ ձգտումները քննարկող քոնկրեսի կայացման ու անոր առաջադրած առաջնահերթային խնդիրները պարզող ու համակարգող կարելիութիւնները ձեւակերպելու: Արամ Ա. կաթողիկոս բարձրօրէն գնահատեց Մատենադարանին տեղը, դերն ու կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին սատարած ծառայութեանց համար: Ողջունեց տնօրէն Խզմալեանը իր նոր պաշտօնին համար` մաղթելով յանձնառու, լուրջ եւ խանդավառ գործունէութիւն: Գնահատեց պատուիրակութեան կաթողիկոսարան եւ լիբանանահայ կեդրոններ կատարելիք այցելութիւններուն համար: Ի վերջոյ, կատարեց իր նշումներն ու պատկերացումները` իրեն ներկայացուած թղթածրարին առնչութեամբ:

Նոյն երեկոյեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ պատուիրակութիւնը զեկուցական հանդիպում մը ունեցաւ կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, միաբանութեան եւ ուսանողութեան հետ:

Շաբաթ, 24 փետրուարին պատուիրակութիւնը այցելեց Զմմառու պատրիարքական կղերական միաբանութեան, ուր գործակցութեան յուշագիր ստորագրեց, ապա այցելեց Պիքֆայա` Ս. Աստուածածին վանքն ու դպրեվանքը, ուր դիմաւորուեցաւ, տեսչութեան ու ուսանողութեան կողմէ եւ իրազեկ դարձաւ հոն տարուող ուսումնակրթական գործունէութեան:

Կիրակի, 25 փետրուարին Մատենադարանի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարան ու թանգարան, ծանօթացան ձեռագրական ու հնատիպ հաւաքածոներուն եւ թանկարժէք մշակութային փրկեալ ժառանգութեան: Ապա մեկնեցան ժիպէյլ եւ ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած հայկական որբանոցին` «Թռչնոց բոյն»-ին եւ համահայկական եզակի կեդրոն Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին:

Իսկ երկուշաբթի, 26 փետրուարի առաւօտուն պատուիրակութեան կրկին առիթը ընծայուեցաւ տեսակցելու վեհափառ հայրապետին հետ: Տնօրէն Խզմալեան այցելութեան արդիւնքներուն մասին իրազեկ դարձուց հայրապետը եւ պատուիրակութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց հիւրընկալութեան ու ջերմ վերաբերմունքին համար:

Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ
Եւ Հայաստանի Տնօրէններուն Այցելութիւնը

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնօրէնները` գլխաւորութեամբ ձեռնարկի Նիւ Եորքի (ԱՄՆ) գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանի:

Այցելուները կաթողիկոսին պարզեցին իրենց գործունէութիւնը, միաժամանակ` դիմագրաւած մտահոգութիւնները:

Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց` ի տես յիշեալ երկիրներուն մէջ Ճինիշեան ձեռնարկին կատարած գործունէութեան: Ան իր օրհնութիւնը տուաւ տնօրէններուն եւ անոնց օգնականներուն` միաժամանակ շեշտելով մեր ժողովուրդի կարիքներուն առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ թելադրեց, որ պատասխանատուները նկատի ունենան իրենց շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներու առաջնահերթութիւնը, ըստ այնմ համապատասխան մօտեցումներ ճշդեն եւ միշտ ուշադիր ըլլան հաւասարակշռութիւն պահելու` անհատներու եւ հաւաքականութեան ուղղուած օժանդակութիւններուն գծով:

SEMAS-ի Փոքրիկները Իրենց Յաղթանակի Բաժակը
Ներկայացուցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ուրբաթ, 23 փետրուար 2024-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Soroban Education Mental Arithmetic System-ի (SEMAS) Պուրճ Համուտի խումբ մը փոքրիկներ, որոնք եկած էին ստանալու վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը եւ ներկայացնելու Լիբանանի ախոյանութեան վերջերս ձեռք բերած իրենց յաղթանակի բաժակը:

Կեդրոնի տնօրէն Սեւան Քենտիրճեան-Շերպեթճեան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ պատեհ առիթ ստեղծեց ըլլալու փոքրիկներուն հետ եւ անոնց շահած մրցանքին` ուրախակից: Ան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ տուաւ հայրապետին SEMAS-ի մասին` միաժամանակ նշելով, որ կեդրոնը, զանազան երկիրներու մէջ, մասնակցած է միջազգային տարբեր մրցումներու` ձեռք ձգելով պատուաբեր արդիւնքներ եւ ախոյանութիւններ, որոնցմէ է վերջին շրջանին Լիբանանի 5-րդ ազգային մրցաշարքին առաջին դիրքի գրաւումը: Ապա, գործնական օրինակներով, հայրապետն ու փոքրիկները միասնաբար որոշ փորձարկութիւններ կատարեցին:

Ի տես յիշեալ կեդրոնին տարած կարեւոր աշխատանքին` Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց Քենտիրճեան ընտանիքը, որ ստանձնած է նման նախաձեռնութիւն մը եւ ներմուծած մեր համայնքի կրթական կեանքին մէջ եւ կը միտի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուսումնառութեան ունակութիւնները առաւել եւս զարգացնել: Խօսքը ուղղելով աշակերտներու ծնողներուն` կաթողիկոսը շեշտեց ուսման հրամայականը` համաշխարհայնացման մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւ կարեւոր նկատեց յատկապէս հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս ուսումնառութեան կեդրոններուն եզակի ու իւրայատուկ կարեւորութիւնը հայու կերտման եւ հայու կազմաւորման աշխատանքներուն մէջ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց SEMAS կեդրոնի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ` աշակերտներու ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրոցին դերակատարութեան ու առաքելութեան` իրենց զաւակները եւ անոնց ուսումնառութիւնը յանձնած ու վստահած են հայ դպրոցին:

Յայտնենք, որ յիշեալ կեդրոնը Լիբանանի տարածքին ունի չորս մասնաճիւղեր` Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Այնճարի ու Զահլէի մէջ, եւ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը շուրջ 200 է:

 

Նախորդը

Եօթը Մահացու Մեղքերը (Մեծ Պահք)

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ֆինիքս Բուռն Պայքարէ Ետք Յաղթեց Հիւսթընի

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.