Երկուշաբթի, 26 փետրուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:
Դեսպանը վեհափառ հայրապետին զեկուցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի տագնապին շուրջ ընթացող հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Կազայի պատերազմին գծով:
Ապա, ընդհանուր արժեւորումի ենթարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:


