Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պայքարեցաւ, Բայց Պարտութիւն Կրեց Ռիատիէն

February 24, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջիկները պայքարեցան Ռիատիի դէմ, բայց 67-83 արդիւնքով տեղի տուին:

Առաջին մասին մրցումը բաւական դանդաղ սկսաւ, եւ նշանակած կէտերուն քանակը շատ քիչ էր, որովհետեւ քիչ մը կեդրոնացումի պակաս կար եւ լաւ պաշտպանութիւն` երկու կողմէն:

Առաջին մասին Ռիատի 6 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկներուն վրայ (11-17), բայց 2-րդ մասը քիչ մը աւելի լաւ էր մեր աղջիկներուն համար (20-21): 3-րդ մասին Ռիատի աւելի վճռական էր եւ օգտուեցաւ մեր աղջիկներուն թըրն-օվըրներէն` արդիւնքը բարձրացնելով 44-67-ի: Վերջին մասին, մեր աղջիկները խաղցան իրենց լաւագոյն 10 վայրկեանները, բայց չկրցան վտանգել Ռիատիի առաւելութիւնը եւ մրցումը վերջ գտաւ 83-67 արդիւնքով` ի նպաստ Ռիատիի, որ կրցաւ հասնիլ աւարտականին, ուր պիտի մրցի անցեալ տարուան ախոյեան Պէյրութի դէմ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կը նկատուի մրցաշարքի անակնկալ խումբը, մեծ մասամբ` բաղկացած երիտասարդներէ, որոնք եթէ մնան իրարու հետ յառաջիկայ տարեշրջանին, շատ աւելի լաւ արդիւնք կրնան տալ: Եթէ բաղդատենք Ռիատիի հետ, օրինակ, Ռիատի 2 ճակատումներուն ալ ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկներուն դէմ գործածեց 10 մարզիկներ, մինչ մենք 7 մարզիկներով խաղցանք երկու մրցումներուն ալ: Ռիատիի կէտ նշանակելու տոկոսը աւելի բարձր էր, եւ անոր մարզիկները աւելի լաւ էին ռիպաունտի, սթիլի եւ էսիսթի մէջ: Փորձառութիւնը շատ կարեւոր է ախոյեանութիւն շահելու, եւ այդ պատճառով ալ կը տեսնենք 30 տարեկանէն վեր մարզիկներ թէ՛ Ռիատիի եւ թէ՛ Պէյրութի խումբերուն մէջ:

Հինգշաբթի օրուան մրցումին մեր կէտերը նշանակեցին Շէյնա Փելինկթըն (21 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Փերլա Պու Նասր (19 կէտ), Եաշա Զէյնուն (7 կէտ), Նարինէ Կէօքճեան (6 կէտ), Տիմա Շահին (8 կէտ) եւ Փաթիլ Ասատուրեան (6 կէտ):

Նշենք, որ Պէյրութ Ֆըրսթ հասած էր աւարտականին` պարտութեան մատնելէ ետք Չեմփսը 2-0 արդիւնքով (61-49 եւ 75-39):

 

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Զամալեք

Յաջորդը

Միշել. «Ուքրանիոյ Ճակատագիրը Եւրոպական Միութեան Մէջ Է»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.