Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիլալ Գափլան. «Հարիւրամեակէն Առաջ Պէտք Է Լուծել Այս Հարցը»

April 6, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ենի Շաֆաք» թերթի յօդուածագիր Հիլալ Գափլան, հիմնուելով Նեշէ Տիւզելի կողմէ վերջին օրերուն «Թարաֆ»-ի մէջ պատմագէտ Թաներ Աքչամին հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ Աքչամի կողմէ պարզուած տեսակէտներուն վրայ, կ՛ընէ իր անձնական վերլուծումները:

Հայկական հարցի լուծման մասին Թաներ Աքչամ հետեւեալ առաջարկները ներկայացուցած էր.

Հայկական նիւթին մասին Ամերիկա այս տարի ալ շատ տարբեր դիրքաւորում պիտի չորդեգրէ: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Թուրքիոյ վրայ կրցածին չափ ճնշում պիտի բանեցնէ: Բայց ինք այն կարծիքն ունի, որ 2015-ին Օպամա պիտի ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Եթէ Ամերիկա Ցեղասպանութիւնը ընդունի, Ամերիկա, Անգլիա եւ Իսրայէլ եռեակը պիտի չարտօնեն, որ Թուրքիա այլեւս միջազգային գետնի վրայ ազատ երթեւեկէ: Թուրքիա, իր ուրացման քաղաքականութեամբ, աշխարհի վրայ կղզիացած վարչաձեւ մը պիտի դառնայ:

Պայման չէ, որ Թուրքիա ցեղասպանութիւն բառը գործածէ: Բայց Թուրքիա ստիպուած է ընդունելու, որ 1915-ին մարդկային մեծ յանցանք մը գործած է, ուստի պէտք է ներողութիւն խնդրէ:

Այս հողերուն վրայ հարստութիւնը միշտ մեծ սպանդներու օրով է, որ ձեռք փոխեց: Բայց թուրք ժողովուրդը պէտք է հանգիստ ըլլայ: Ներողութիւն խնդրելու պարագային, ապրանքներու վերադարձուիլը խնդրոյ առարկայ չէ: Այս նիւթին շուրջ ո՛չ ոք թող խաբէ թուրք հաւաքականութիւնը: Այս նիւթը ազգայնապաշտներն են, որ կը շահագործեն մարդիկը վախցնելու համար:

Հատուցման խնդրին լուծումը կարելի կ՛ըլլայ երկու կառավարութիւններուն կողմէ կազմուած յանձնախումբերու միջոցով` այս նիւթը վիճաբանութիւն բանալով հաւաքականութեան առջեւ:

Հատուցում բառէն կը հասկնանք. ներողութիւն խնդրել Անատոլուի հայկական հետքերը երեւան հանել, հայրենակցական իրաւունք տալ, Հայաստանին ընկերային օժանդակութիւն կատարել, Տրապիզոնի նաւահանգիստը արտածումի բանալ եւ այլն:

Հիլալ Գափլան եւս իր կարգին Հայկական հարցին մասին իր համամտութիւնը յայտնելով Աքչամի տեսակէտներուն` կ՛ըսէ, թէ 1915-ի հայկական դէպքերու հարիւրամեակի սեմին, փոխանակ կեդրոնանալու միեւնոյն յանկերգին վրայ, պէտք է յստակ քայլերով աշխատանք տանինք Թուրքիա-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերստին կենդանացնելու համար: Պէտք է բանանք այն կղպանքը, որ դրուած է ստորագրուած փրոթոգոլներու վրայ: Ասիկա իրականացնելու համար ալ ուրացման փշոտ եւ անանցանելի ճամբաներէն հեռու մնալով, պէտք է մեր պատասխանը տանք, թէ «1915-ին ինչե՞ր պատահած են»: Ասիկա նման է քրտական հարցին: Ա. Քէ. Փէ. կուսակցութիւնը տարիներ շարունակ յերիւրածոյ պատմութիւններ ստեղծեց` քիւրտ ազգը որակելով քարթ-քուրթ, բայց յետոյ ընդունեց այն  իրողութիւնը, որ` «Քիւրտ ազգ մը եւ քրտերէն մը գոյութիւն ունի»: Այս հանգրուանին վրայ ուրեմն, պէտք է պատմութեան հասարակաց յանձնախումբ մը կազմել:

Եթէ չենք փափաքիր, որ յաճախակի առիթներով արտասահմանի երկիրները գլուխ ցցելով մեր պատմութեան մասին դաս տան մեզի եւ ճակատ յարդարեն մեզի դէմ, ուրեմն պէտք է իրականացնենք երես առ երես գալու այս գործընթացը: Որովհետեւ հասած ենք այնպիսի կէտի մը, որ երրորդ ելք մը չ՛երեւիր այլեւս:

Նախորդը

«Սարօ»-ն Եւ «Անուշ»-ը` Հարպոյեանի Աշակերտներուն Տարբերակով

Յաջորդը

Թենիս. Տէյվիս-Քափ. Այսօր Եւ Յառաջիկայ Օրերուն` Լիբանան – Փասիֆիք Կղզիներ Մրցումները

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.