Ազրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս Հայաստանէն կը պահանջէ փոխել սահմանադրութիւնը: Այս անգամ այդ պահանջը ներկայացուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէի բերնով:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հաճիզատէ յայտարարած է. «Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական փաստաթուղթերուն արտացոլուած մեր տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յաւակնութիւնները պէտք է վերցուին»:
«Հայկական կողմը պէտք է հասկնայ, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ճամբան կ՛անցնի դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու հաստատման մէջէն` տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան յարգման հաստատման եւ Ազրպէյճանի հետ ուղիղ կառուցողական բանակցութիւններու հիման վրայ»:


