Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրկին Կրակոց, Կրկին Զոհեր

February 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանեան լուրերը կրկին ահազանգային են: Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը, իրենց կողմէ գրաւուած հայկական բարձունքներէն կրակ բացած են Ներքին Հանդի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը ունի չորս զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Պատրուակը ազրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորումն է Կապանի շրջանին մէջ, ենթադրաբար Հայաստանի կողմէ եղած կրակոցի մը հետեւանքով:

Բանակցութիւններու լծուած երկու երկիրներու համար պատահածը արտասովոր է, որովհետեւ փոխադարձ ապահովագրումի եւ բարեկամութեան ջատագով պետութիւնները «սուրը պատեանը դրած» պէտք է ըլլան: Անգամ մը եւս կը հաստատուի, որ խաղաղութեան միակողմանի հետապնդումը չ՛առաջնորդեր ճշմարիտ խաղաղութեան:

Հայկական կողմէն մեկնաբանութիւններ առայժմ չկան: Երկրորդական աստիճանի պատասխանատուի մը զգուշացումը պատահարը չծաւալելու մասին կը վկայէ վախվորած ու խեղճացած ընթացքի մը մասին:

Օր մը առաջ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց ունէր անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթի թղթակիցին հետ: Ուղղակի հարցումներուն պատասխանելով, Նիկոլ Փաշինեան զգուշաւոր բառերով ամփոփեց «նշաձողի իջեցումէն ետք» եւրոպական հարթակի վրայ կատարուած բանակցութիւնները եւ խաղաղութեան հասնելու իր հաստատ որոշումը: Խաղաղութիւն ամէն գնով, ո՛չ իսկ արդար խաղաղութիւն, միա՛յն խաղաղութիւն:

Ինչ խօսք, որ խաղաղութիւնը ցանկալի իրականութիւն է: Խաղաղութեան հասնելու համար զիջումներ հարկաւոր են, սակայն անոնք երկկողմանի պէտք է ըլլան: Ցարդ Հայաստանի կատարած մեծ ու փոքր զիջումներուն յաջորդած են նոր պահանջներ, անոնց ընկերացող սպառնալիքներով: Ժամանակը չէ՞ եկած արդեօք փոխելու խաղաղութիւն մուրացող խօսոյթը եւ զայն փոխարինելու իրական խաղաղութիւն պարտադրող դիրքորոշումով:

Ազրպէյճանի նախագահական արտակարգ ընտրութիւնը արեւմտեան լրատուամիջոցներուն կողմէ մեկնաբանուեցաւ իր ճիշդ բնոյթով` իբրեւ ընտրական խեղկատակութիւն: Բազմաթիւ հաղորդումներ կատարուեցան Ազրպէյճանի մէջ տիրող բռնապետական վարչաձեւին, քաղաքական բանտարկեալներու գոյութեան, ազատութիւններու բացակայութեան եւ յարակից հարցերու մասին: Յիշուեցան նաեւ Արցախի դէպքերը: Ազրպէյճանի ստեղծած պատկերը, իբրեւ ժողովրդավար երկիր, որ իր հողային ամբողջականութեան համար արդար պայքար կը մղէ, փուլ եկած է: Ազրպէյճան ամբողջ տարուան մը համար զրկուած է մասնակցելէ Եւրոպական խորհուրդի պատգամաւորական ժողովին: Ուշացումով, յանցաւոր ուշացումով, Արեւմուտքը կը գիտակցի ազրպէյճանական նկրտումներուն սխալին, թերեւս ալ իր աններելի կրաւորականութեան:

Ի՞նչ կը մտածէ Հայաստանի հանրութիւնը ստեղծուած անելանելի վիճակէն ազատուելու մասին: Կը հաղորդուի, որ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութիւնը նուազած է: Սակայն իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած բազմութիւնները չեն միանար ճշմարտութիւնը վաղուց քարոզող ընդդիմութեան: Աւելի՛ն. ընդդիմութիւնը մեղաւոր կը հռչակուի… իշխանութիւններու յարատեւութեան համար: Դժգոհները շատ են, սակայն` տարտղնուած: Ամէն դժգոհող ունի իր ճշմարտութիւնը, կացութենէն ելքի իր պատկերացումը, զոր կը նկատէ բացարձակ, միակ կարելին: Չեն միանար բողոքին, սակայն կը դատապարտեն անոր ձախողումը: Երբ ցոյց ու հաւաք կայ, կը քննադատեն անոնց կայացումը, երբ դադարին ցոյցերը, կը քննադատեն անոնց բացակայութիւնը:

Հայաստանեան քաղաքական թատերաբեմը հիմնական վերանայման կարիք ունի: Որպէսզի դադրին կրակոցները, որպէսզի չարձանագրուին անմեղ զոհեր, մտայնութիւններու, վարքագիծի, ժողովրդավարական ըմբռնումի հիմնական ու արմատական փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ:

Սպասուող փոփոխութիւնը մտքերու հոլովոյթ կ՛ենթադրէ, ենթակայական է, ազգին ու հայրենիքին լինելիութեան կ՛առնչուի: Զայն հրապարակելու ու ժողովրդականացնելու գործը բանական ճիգ կը պահանջէ ու յատուկ է մտաւորականութեան:

Մտաւորականութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի: Սպասումը առկայ է. փաստը վկայող մտաւորականներէն մէկուն` Գագիկ Գինոսեանի կանխահաս մահուան առթած յուզումը եւ յուղարկաւորութեան մասնակից մարդկային հեղեղը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Աշխատանքները Նոր Մեկնարկ Կ՛ապահովեն

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վալընթայնի Տօնը Սիրոյ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.