Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Դիմակը Վար Առնող Մը

February 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

France 24 պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 12 փետրուարին տեղեկագրական-վաւերագրական հաղորդումներուն շարքին (Reporters) լուսարձակի տակ բերաւ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին եւ անոր բռնապետին հակաժողովրդավար ընթացքը, մարդու իրաւունքներու աղաղակող ոտնակոխումի փաստերը եւ այլ բաներ:

Հաղորդումը, անգլերէնով, աւելի քան 22 վայրկեան է եւ խորագրուած` Torture in Azerbaijan: Europe looks away (Տանջանքները Ազրպէյճանի մէջ. Եւրոպա ուրիշ կողմ կը նայի), կարելի է գտնել հետեւեալ կապով. https://youtu.be/A99kbwShmvI

Ժապաւէնին բացումը կատարուեցաւ Ալիեւի ու վարչախումբին հակառակորդ եւ Ֆրանսա ապաստանած երիտասարդի մը հետ զրոյցով (որմէ մասնիկներ տրուեցան նաեւ աւելի ուշ): Ան բանտարկուած եւ ծանր տանջանքի ենթարկուած է, որովհետեւ քննադատած է Ալիեւի մենատիրական բռնատիրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ ալ քանիցս «անծանօթներէ» յարձակումներ կրած եւ ծանրօրէն վիրաւորուած է: Հաղորդումը զրոյցներ կը բովանդակէր Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւանց պաշտպաններու եւ բռնադատութիւններու ենթարկուած ու ազերի նախկին դեսպանի մը հետ, որոնք բացայայտեցին Ազրպէյճանի իշխանաւորին բռնատրութեան տարբեր երեսները: Լուսարձակի տակ բերուեցան Եւրոպական համայնքին եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէկ քանի ծալքերը, օրինակ` «խաւիարի դիւանագիտութիւն»-ը, Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան հիմքերն ու քարիւղի ապահովումը եւ այլն:

Վաւերագրականը յայտնապէս պատրաստուած էր Ազրպէյճանի մէջ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն խայտառակութիւնները բացայայտելու միտումով, քանիցս շեշտուեցաւ, որ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ կան բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց մասին միշտ ալ հերքում տրուած է Պաքուէն, եւ սակայն Եւրոպական խորհուրդը վերջերս չկրցաւ կուլ տալ սուտերը եւ ժամանակաւորապէս կախակայեց ազերի ներկայացուցիչները: Հպանցիկ ակնարկութիւն կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան «պատմական թշնամութեան» ու Արցախի գրաւման:

Եթէ փորձենք խտացնել հաղորդումին միտք բանին, կրնանք ըսել, որ տեղեկագրողները կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ հոն` Կովկասի հարաւային գօտիին մէջ, կայ մենատիրական-բռնատիրական երկիր մը, որուն նկատմամբ Եւրոպա հանդուրժողութիւն ցոյց կու տայ շահադիտական նկատառումներով, ընդհանրապէս չ՛ուզեր տեսնել դաժան իրականութիւնը եւ հմայուած է քարիւղով ու խաւիարով:

* * *

Նման հաղորդումներ, այսինքն` Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ իրական դէմքը ցոյց տուող փաստագրումներ, հազուադէպ են արեւմտեան (եւ ոչ միայն արեւմտեան) աշխարհին մէջ:

Իրականութեան մէջ, եթէ քիչ մը քննական մօտեցումով դիտենք հաղորդումը, կրնանք արձանագրել բազմաթիւ նկատողութիւններ, նա՛եւ թերի մասեր: Սկսելու համար, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղաւ մեծ ոճիրին` Արցախի պաշարման, անոր վրայ կրկնակի եւ մահասփիւռ յարձակումներուն, հայաթափման, որ ցեղասպանական արարք է ի վերջոյ, ո՛չ ալ նոյնինքն նախագահական ընտրութիւններուն խայտառակ բեմադրութեան մասին: Յետոյ, երբ կը խօսուէր բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներու մասին, որոնց յանցանքը Ալիեւը քննադատել է, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղաւ այն հայերուն մասին (Արցախի պետական գործիչներ, զինուորներ, պարզ քաղաքայիններ), որոնք գերի ու պատանդ կը մնան Պաքուի մէջ: Եւրոպական խորհուրդէն արտաքսուած ազերի պատգամաւոր մը եւ ազերի դեսպան մը յայտարարեցին, որ իրենց երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան: Ազերի պատգամաւորը մինչեւ իսկ ժպրհեցաւ ըսել հարց տուող լրագրողին, որ թերեւս ձեր երկիրներուն մէջ կան քաղաքական բանտարկեալներ (յստակ չէր, թէ հարցնողը արդեօք Հայաստանէ՞ն էր…):

Իսկ եթէ հարց տանք, որ France 24-ը ինչո՞ւ այս շեղումը կատարած է (չէ՞ որ եւրոպական զանգուածային մամուլը, նոյնինքն Պորելներ եւ այլ ներկայացուցչական դէմքեր խանդավառ են Ալիեւի վերընտրութեամբ եւ կը յամառին չտեսնել անոր բռնատիրական ընթացքը), կրնանք ատոր պատասխանն ալ գտնել: Վերջին շրջանին Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ «սեւ կատու» մը անցած է: Ազրպէյճան իբրեւ կողմնակալ կը մեղադրէ Ֆրանսան եւ զայն կը դատապարտէ Հայաստանը զինելու յանցանքով, Ֆրանսա ալ, իր կարգին, համապատասխան հակադարձութիւններ կը կատարէ: Մանրամասնութիւնները ծանօթ են, այդ թղթածրարին մելանը տակաւին թաց է (հիմա մելան չի գործածուիր, գիտենք):

* * *

Ինչո՞ւ կ՛արձանագրենք այս բոլորը:

Պէտք կա՞յ մանրամասնօրէն բացատրելու: Իբրեւ Ազրպէյճանէն ու անոր բռնատէրէն վնասուած կողմ` Հայաստան եւ հայութիւն, բոլո՛ր միաւորներով, պարտաւոր ենք ո՛չ միայն հետեւելու նման հաղորդումներու, այլ նաեւ օգտագործելու նման առիթներ` վար բերելու համար Ալիեւի ու անոր «մեծ եղբօր»` Էրտողանի բազմախաւ դիմակները: Աւելի՛ն. մեր դիւանագիտութեան բազուկն ու քաղաքական աշխատանքի դաշտին մէջ եղողները` Հայ դատ եւ նման միաւորներ, պէտք է իրե՛նք ըլլան նախաձեռնող` նման հաղորդումներու պատրաստութեան համար: Սա կը նշանակէ մեր ռատարները բաց պահել բոլոր ուղղութիւններով (չենք ըսեր, որ այդ ռատարները չեն բանիր, սակայն բանողը բաւարար չէ, երբեմն կը մնայ միայնակ): Ամէնէն կարեւորը` պէտք է վերջ տալ Երեւանի իշխանաւորներուն այն խայտսառակութիւններուն, որոնց խորագիրներն են միակողմանի խաղաղութեան հետամտութիւնը, Ազրպէյճանի մէջ գործակից փնտռելը, ա՛յն Ազրպէյճանին, որ ոգի ի բռին կը հետապնդէ Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականապէս բնաջինջ ընելու համաթուրանական ծրագիրը եւ… գործակիցներ գտած է Երեւանի մէջ:

Ֆրանսական յիշեալ կայանին նախաձեռնութիւնը` Ալիեւի վարչակարգին դիմակը մասամբ վար առնելը, բնականաբար ողջունելի է, սակայն կը մնայ կիսկատար: Սպասելի է (եւ ահա հո՛ս է մեր դերը), որ լրատու այլ աղբիւրներ եւս հետեւին այս քայլին, առեւտրական եւ շահակցական հաշիւները տեղ մը բաժնուին քաղաքական հաշուարկներէ (կարելի՞ է. վստահաբար` այո՛, քանզի այլ տեղեր կ՛ըլլան, երբ համապատասխան աշխատանք տարուի), սեւն ու սպիտակը զատորոշուին եւ համապատասխան ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ քայլեր առնուին:

12 փետրուար 2024

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վալընթայնի Տօնը Սիրոյ

Յաջորդը

«Գոմէշը» Գործի Հեղինակ Հրանտ Մաթեւոսեանի Կենսագրականը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.