ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Երբ ուրախ եմ, փայլուն աստղեր
Կը փրցնեմ ձեռքերովս,
Կը զետեղեմ քու սրտիդ մէջ`
Երկնքին մէջ անմար սիրոյ:
Երբ ուրախ եմ, բոսոր վարդեր
Կը ծաղկին իմ վառ սրտիս մէջ,
Կը բուրեն կեանք, թռիչք ու սէր,
Ամէն անգամ որ քեզ տեսնեմ:
Երբ ուրախ եմ ես ու գինով
Երգերովս, նուագովս,
Գաղտ կը խօսիմ սիրոյ լեզուն
Աչքերուդ հետ նայուածքովս:
Երբ ուրախ ենք մենք այս գիշեր,
Վալընթայնի տօնը սիրոյ
Մեզ կը տանի պատմութեան մէջ
Երազային գաղտնի սիրոյ:
Լիբանան


