ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի անդամուհիներէն
ԱԶՆԻՒ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 փետրուար 2024-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Նազելի Աւագեան եւ զաւակները` Զուլալ եւ Բալենի
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Անի Աւագեան եւ զաւակները` Կալի եւ Սերգօ
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Իզապէլ Աւագեան եւ զաւակները` Թամար, Թալին եւ Արմէն
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մարօ Աւագեան եւ զաւակները` Վրէժ եւ Դալար
Արմէն, Շանթ եւ Ցոլակ Աւագեաններ (Աւստրալիա)
Տիկին Վարդուհի Կիտցինեան եւ զաւակը` Կարինէ
Տիկին Էլօ Կիտցինեան եւ զաւակները` Հրայր, Սեպուհ եւ Սիրան
Տիկին Մաքրուհի Քէչէպաշեան եւ ընտանիք
Տիկին Անահիտ Կէրէքմեզեան եւ ընտանիք
Տիկին Վարդուհի Տուլեան եւ ընտանիք
Աւագեան եւ Կիտցինեան ընտանիքներ
Քէչէպաշեան եւ Կէրէքմեզեան ընտանիքներ
Տուլեան եւ Խաչերեան ընտանիքներ
Ատուրեան եւ Տէֆտէրտէրեան ընտանիքներ
Թութիկեան եւ Գազէզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱԶՆԻՒ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1948-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 փետրուար 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 3 փետրուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին արարողութենէն առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նաեւ կիրակի, 4 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ազգային առաջնորդարանի «Սաներու ֆոնտ»-ին:
—————————————
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի աւանդական մատաղօրհնէք:
Այն ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել (ԱՐՈՒ ոչխար) կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին անձամբ դիմել թաղական խորհուրդի գրասենեակ կամ հեռաձայնել 01-242593 եւ 03-763769 թիւերուն:
ԾԱՆՕԹ.- Բարեհաճեցէ՛ք ոչխարները եկեղեցի հասցնել առաւելագոյնը մինչեւ 5 փետրուարի առաւօտեան ժամը 7:00:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Մասնակցութեամբ`
Թեմիս քահանայից դասին
Երեքշաբթի, 6 փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` աղօթակից դառնալու մեր քահանայ հայրերուն:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
—————————————
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մատաղօրհնէք` ժամը 12:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու այս հոգեպարար արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ զօրանալու Աւարայրի ոգիով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՊԱՐԳԵՒՈՒՀԻ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ-ՏԱՏՈՒԿԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 4 փետրուար 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Գապաքեան, Պոյաճեան, Տէտէեան եւ Հաշէօլեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանին, կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասինին, նախկին նախարարներ Մոհամետ Մաշնուքին եւ Ֆետի Ժիրայսաթիին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով, ընկերային առցանց միջոցներով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին` ԳՐԻԳՈՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆի մահուան սուգին:
