Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էջեր Առօրեայէն» (Հեղինակ` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան)

April 5, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2011-ին, հրամանաւ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, Հալէպի «Այգ» մատենաշարը (թիւ 16) «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս ընծայեց Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Էջեր առօրեայէն» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 128 էջերէ եւ կը բովանդակէ 24 գրութիւններ:

Պէտք է ըսել, որ սոյն գործը յուշագրութիւն մըն է, որուն ընդհանուր մթնոլորտը պարուրուած է տխուր ապրումներով: Առհասարակ յուսաբեկ եւ թախծոտ պայմաններու տակ հասակ առած հեղինակին կեանքն է, որ իր այլազան դրսեւորումներով կը կազմէ հատորին գլխաւոր թեման:

Սոյն յուշագրութեան մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ հեղինակին հայրը, որուն հանդէպ ան կը տածէ մեծ սէր եւ ակնածանք: Հայրը 1915 թուի եղեռնաշուք օրերուն կորսնցուցած է իր ընտանիքին  անդամները: Ըստ Սիրուն Հաճէթեանի, բնիկ զէյթունցի իր հայրը շատ կը սիրէր Զէյթունի լեռներն ու այգիները, որոնք դարձած էին իր մտասեւեռումին առարկան: Խանդաղատանքով ան կը նայէր իւրաքանչիւր զէյթունցիի, որու նիւթական վիճակը բարելաւելու համար կը ձեռնարկէր բարեսիրական առաքելութեան: Ան կը ջանար, որ ոչ մէկ զէյթունցի մնար անուս եւ, այս նպատակով, օգնութեան կը հասնէր բոլորին` զէյթունցի ուսեալ սերունդներ պատրաստելու ցանկութեամբ:

Կ՛ըսէ, թէ իր հայրը եղած է նուիրեալ ուսուցիչ մը, որ երբեք չէ սնուցած նիւթական փառասիրութիւններ, այլ եղած է հետամուտ իմացական արժէքներու: Ահա թէ ինչո՛ւ իր մահէն ետք իբրեւ ժառանգութիւն ձգած է իր ետին «դատարկ դրամապանակ մը ու երկու սնտուկ գիրք ու թերթերու հաւաքածոներ»:

«Կ՛արտասուէ մայրս» խորագրեալ գրութեամբ, հեղինակը կը նկարագրէ ութսունամեայ իր ծերունի մայրը, որ իրենց բնակարանին լուսաւոր  սենեակներէն մէկուն մէջ կ՛անցընէ իր ծերութիւնը: Կ՛ըսէ, թէ երկար տարիներ տառապած է իր մայրը, որ հիմա բազկաթոռին մէջ հանգչած` արտասուաթոր աչքերով կը նայի փողոցի անցուդարձերուն: Մայրը կ՛արտասուէ` վերյիշելով Եղեռնը, երբ թուրք ժանտարմաներու հարուածներուն տակ կը մահանան իր ծնողքը, քոյրն ու եղբայրը: Հեղինակը ազգասիրական յորդորներով կը խրախուսէ իր մայրը, որպէսզի ան զուարթառատ խոհերով ողջունէ իր կեանքի իրիկնամուտը:

«Էջեր առօրեայէն» հատորին մնացեալ գրութիւններով Սիրուն Հաճէթեան կը պատկերացնէ այլազան դրուագներ, զորս քաղած է ան առօրեայ կեանքէն: Այսպէս, կը յիշէ Մեսրոպեան վարժարանի չորրորդ կարգի աշակերտ Գօգոյին պարագան, որ դասերուն հանդէպ անփոյթ ըլլալուն` կը ստանայ ցած նիշեր: Հեղինակը առաջքը կ՛առնէ ուսումնական այս անբաղձալի կացութեան, երբ մասնակի դասեր տալով Գօգոյին` կը մղէ զայն մտային լուրջ աշխատանքի: Այս ընթացքով Գօգոն կարճ ժամանակի մը մէջ կը բարելաւէ իր ուսման մակարդակը` ստանալով գնահատանքի արժանի նիշեր:

Այլ գրութեամբ, հեղինակը կը ներկայացնէ պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեանը` իբրեւ տիպար հայ ուսուցիչի, որ 1958-ին կը դասաւանդէր հայոց լեզու` Հայկազեան վարժարանին մէջ: Կ՛ըսէ, թէ պրն. Մկրտիչեան ծնած էր հայերէն սորվեցնելու համար միայն: Թէ` խորապէս ան կը պաշտէր հայ լեզուն, զոր կ՛ուսուցանէր իր աշակերտներուն` հաւատքով ու երկիւղածութեամբ: Ըստ իրեն, հիմնականը այն կարողութիւնն էր, զոր աշակերտը ցոյց կու տար հայերէնի մէջ: Այս ըմբռնումով կեանք մը ամբողջ ծառայեց ան կրթական ասպարէզին մէջ:

«Անակնկալ հիւրեր» խորագրեալ գրութեամբ,  Սիրուն Հաճէթեան կը նկարագրէ հարեւան ընտանիքի մը երեք որբ երեխաները` Լելան, Ռիշոն եւ Զուզուն, որոնք ամբողջ օր մը իր հիւրերը կը դառնան, որպէսզի անոնք ականատես չըլլան իրենց հօրը թաղման արարողութեան եւ չսարսափին` տեսնելով դագաղին մէջ պառկած անոր անշարժ մարմինը: Այս կապակցութեամբ, հեղինակը կը յայտնէ այն կարծիքը, թէ երեք երեխաները պէտք է միայն իմանան, բայց երբեք չտեսնեն իրենց հօր թաղումը, այն իրողութեամբ, թէ` «Ականջն իր լսածը կրնայ մոռնալ, բայց աչքն իր տեսածով կը տառապեցնէ քեզ»: Ահա թէ ինչո՛ւ հեղինակը իր սիրազեղ գուրգուրանքին առարկան կը դարձնէ երեք մատղաշ որբերը, որպէսզի անոնց վճիտ երեւակայութիւնը չխաթարուի շիրմային մահաբոյր յիշատակներով:

Եզրափակելով «Էջեր առօրեայէն» գործին մասին մեր մտածումները` կ՛ուզենք հաստատել, թէ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան ունի իւրայատուկ գրելակերպ: Ունի մաքուր եւ անսեթեւեթ լեզու: Կ՛արտայայտէ իր գաղափարները պատկերաւոր բացատրութեամբ: Իր տիպարները իրապաշտ գոյներով հանդերձուած կենդանի էակներ են, որոնք ձգտում մը կամ իտէալ մը կը մարմնաւորեն:

Յունուար 2012
Պէյրութ

Նախորդը

Պատմական Աննախընթաց Երեկոյ Մը Քուէյթահայութեան Համար

Յաջորդը

ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԸ. Երեք Հիմնական Պատճառ, Որ Պիտի Մտահոգեն Հայաստանին Ու Սփիւռքին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.