Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. «Մեր Սուրբերուն Օրինակով Փարինք Աստուծոյ Ու Սպառազինուինք Անով» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

January 31, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէութեան, շաբաթ` 27 յունուարին, կ.ե. ժամը 4:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, փոքրերու յայտագիր` մասնակցութեամբ «Օրօրիկ» մանկապատանեկան խումբին, գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, պուզուքահար Յարութ Կիւլիւզեանի, երգեհոնահար Աւօ Չայլեանի, Տի. Ճէյ. Յովսէփ Թերզեանի, երգիչներ` Մհեր Չափարեանի, Անդօ Մարտիրոսեանի, Կասիա Շատարեւեանի, Սերժ Ահարոնեանի, Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի եւ Ղազար Քէօշկերեանի` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Կիրակի, 28 յունուարի առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Արագած» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Այս առիթով տրուած իր քարոզին մէջ Շահէ արք. նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր անձ սրբազան պարտականութիւն ունի կեանքի մէջ ինքզինք պաշտպանելու` շեշտելով սակայն, որ առանց Աստուծմով պաշտպանուած ըլլալու, վստահաբար պիտի չյաջողի, իսկ` Աստուծմով սպառազինուած, անկասկած, որ կեանքէն եկող տեսակաւոր փորձութիւններուն, տագնապներուն կուրծք տալով կը յաջողի կանգուն մնալ:

Առաջնորդը անդրադարձաւ յիշատակին Ս. Սարգիս զօրավարին, անոր որդւոյն` Մարտիրոսի եւ 14 զօրականներու, որոնք 4-րդ դարուն հաւատքի պաշտպանութեան համար նահատակուեցան, որպէսզի քրիստոնէական մեր հաւատքը յարատեւէ: Այդ նպատակին համար ալ անոնք իրենց անձերը ընծայեցին` քաջ գիտնալով, որ անոնց օրինակին հետեւողներ անպայմանօրէն իրենց ձգտումներուն ընդմէջէն պիտի ապրեցնեն անոնց յիշատակը, բայց մանաւանդ պիտի ապրեցնեն քրիստոնէական հաւատքը, այսինքն` կեանքէն ներս պիտի պաշտպանեն այն` ինչ որ Աստուած իբրեւ նուիրական սրբութիւն եւ իբրեւ արժէք զետեղած է: Սրբազան հայրը ամփոփ տեղեկութիւններով ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարին կեանքն ու նահատակութիւնը` շեշտելով, որ Ս. Սարգիս ոչ միայն իր զինուորական պարտականութիւններուն մէջ գիտակից եւ նուիրեալ էր, այլ նաեւ իր հաւատքին հանդէպ ունէր պաշտամունք եւ կը փորձէր, նաեւ իր շրջապատը վերածել աստուածահաճոյ միջավայրի եւ իր օրինակով շատերը հաւատքի կ՛առաջնորդէր: Ան նաեւ կ՛օգնէր կարիքաւորներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ արք. Փանոսեան հաստատեց, որ եկեղեցին իր սուրբերը կը յիշատակէ, որպէսզի մարդիկ անդրադառնան, թէ այս աշխարհին մէջ եղած են անձնաւորութիւններ, որոնք կեանքով պաշտպանած են այն, ինչ որ սուրբ է եւ նուիրական: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ դժուար փուլեր եղած են, բայց ոչ մէկ ժամանակ մեր կեանքը այդքան գայթակղեցուցիչ եւ այդքան փորձութիւններով լեցուն եղած է: Ան շեշտեց, որ մեր սուրբերուն կեանքի օրինակին նայելով պէտք է հոգեպէս ձգտինք ինքզինքնիս պաշտպանելու փորձ կատարենք եւ այդ մէկը ընելու համար պէտք է Աստուծմով սպառազինուինք, այսինքն` փարինք Աստուծոյ, Անոր պաշտպանութիւնը աղերսենք, որպէսզի կարողանանք կեանքէն եկող դժուարութիւնները, տագնապները, տեսակաւոր մեղանչումները մեզմէ հեռու պահել:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Ռաքիթիչ Լքեց Սեւիան` Միանալու Շապապին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.