Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոգեղէն Պատը (Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի Յիշատակին)

January 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Այս գիշեր անձրեւը սանձարձակ է: Իր խիստ ընկերները` որոտում, փայլատակում, փոթորիկ իրարանցում մը ստեղծած` տեսակաւոր աղմուկով լեցուցած են գիշերային խաւարը: Փայլակները երբեմն կը դաշունահարեն մթութեան պատը եւ կը ճեղքրտեն զայն: Դեկտեմբերի ձմրան օրեր են, «կը պատահի», պիտի ըսէր լուսահոգի Ղեւոնդ սրբազան:

Յայտնի է, հակառակ ճիգերուս, որ այս գիշեր եւս քունը փախուստ պիտի տայ: Ու ահա դարձեալ մտմտուքները կը խուժեն ու շղթայի մը նման իրարու կը յաջորդեն: Կէս քուն, կէս արթուն վիճակը, չեմ գիտեր, որքան կը տեւէ: Եւ ահա դուրսի ոռնոցներուն մէջէն թեթեւ փայլատակումի մը պէս, հին ձայն մը կը հասնի ականջիս.

– Վարո՛ւժ, ծուռ պատը կը փլի՛-չի՛ փլիր.

Չեմ գիտեր` այս վիճակը որքան երկարեցաւ, բայց քոյրս վառարանը վառած եւ առաւօտեան սուրճը սեղանին վրայ դրած էր արդէն, երբ երեսս ցօղուեցի ու անցայ նստասենեակ, որ միեւնոյն ատեն աշխատասենեակս է:

Սուրճի գաւաթը հազիւ բարձրացուցած` քոյրս կ՛ընդմիջէ.

–  Կարծեմ Սուրէն սրբազանին բան մը պատահած է: Գիշերը Դիմատետրին մէջ գրութիւն մը երեւցաւ եւ շուտով ջնջուեցաւ:

Լուրը շուտով կը տարածուի: Սուրէն սրբազան վախճանած է:

Սուրճի գաւաթը շրթունքիս` դարձեալ կը մտնեմ մտմտուքներու աշխարհ: Եզրակացութիւն` ուղիղ ու հաստատ պատ մը եւս, ոգեղէն ամուր պատ մը փուլ կու գայ: Վաղեմի, իսկական վանականի մը եւ անբասիր քահանայի մը դիմանկարը կը ստուերոտի:

Մեր օրերուն վանքի  սեղանապետ մը ունեցանք Գրիգոր անունով: Բոլորին համակրելի Գօգոն: Փոքրակազմ, նիհար, կուզը ցցուած իւրայատուկ մարդուկ մը: Յայտնի էր, որ դժուարութիւններէ անցած, տառապած ու մինակ մնացած հայորդի մըն էր: Հակառակ այդ բոլորին, սակայն, տարօրինակ կերպով լաւատես մարդ էր Գօգոն® Ամէն առաւօտ, կէսօր թէ երեկոյ, սեղանատան մէջ բնականաբար կը հանդիպէի  իրեն եւ որպիսութիւնը կը հարցնէի: Կը պատասխանէր.

–  Ծուռ պատը կը փլի, շիտակ պատը չի փլիր:

Քմծիծաղով մը կը հակառակէի իրեն, բայց ինք հաստատ կը կրկնէր.

–  Ծուռ պատը կը փլի:

Պարոն Գրիգոր ինձմէ չէր նեղուեր, մտերմացած էինք: Առանձին կը նստէինք, կը զրուցէինք: Կը յարգէի, մտիկ կ՛ընէի զինք եւ կը քաջալերէի:

Մեր կարճ այս խօսակցութեան` կը փլի – չի փլիր, յաճախ ներկայ կ՛ըլլային միաբանակից եղբայրներս:

Հետագային Սուրէն սրբազան այս խօսակցութիւնը կարգախօսի վերածած էր: Ե՛րբ եւ ո՛ւր ալ հանդիպէինք` Հալէպ, ուր ինք կը հրաւիրէր զիս, Կիպրոս, ուր ես կը հիւրընկալէի զինք, Քանատա, ուր կը մնար վերջին տարիներուն, ողջագուրուելէ առաջ թեւատարած եւ իրեն յատուկ խանդավառութեամբ կը բարձրաձայնէր.

– Վարո՜ւժ, ծուռ պատը կը փլի՛-չի՛ փլիր:

Հիմա, այդ ձայնը չի հնչեր ականջիս ու ա՛լ պիտի չհնչէ, բայց մեղմ ալիքի մը  պէս կը թրթռայ ներաշխարհիս մէջ:

Ուղիղ ու հաստատ պատ մըն ալ փլաւ: Բայց արդեօ՞ք փլաւ:

Զարեհ սքանչելի եւ վեհաշուք հայրապետի շունչով շաղախուած Սուրէն անուն տոկուն պատը կործանեցա՞ւ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատքով թրծուած ու անոր հաւատարիմ ու ջերմ պաշտպան Սուրէն անուն կարծր պատը քայքայուեցա՞ւ:

Սրտակից միաբան, հայր, եղբայր ու մշտաժպիտ Սուրէն անուն ամրակառոյց պատը խորտակուեցա՞ւ:

Սուրէն սրբազան, որուն հետ աւելի քան յիսուն տարիներու եղբայրական մտերմութիւն մը ապրեցայ, ինծի համար սովորական եկեղեցական մը չէր, սովորական հովիւ մը չէր, սովորական առաջնորդ մը չէր, այլ աւելին, շա՛տ աւելին  էր: Ամէն անգամ որ զինք տեսնէի, Ղեւոնդ Երէցը կ՛ուրուագծուէր դիմացս:  Նո՛յն քահանան, նո՛յն հայրը, նո՛յն հայրենասէրը, նո՛յն հաւատաւորը,  նոյն ներշնչեալը: Աղօթքի, խօսքի, քարոզի կամ պատգամի ատեն Սուրէն սրբազան բառերով չէր խօսեր: Իր շրթունքէն սէրն էր, որ կը հոսէր, անձրեւի պէս կը տեղար: Հաւատքը գարնան թէ աշնան ցօղի պէս իր հոգիի կծիկներէն կը քամէր ու կը թափէր, կը տարածուէր ու կը ծածկէր համախմբուած հոգիները: Յոյսը իր ջիղերէն ու մկաններէն եղեամի պէս կը ցօղուէր զինք շրջապատող հոգիներուն վրայ: Բարութիւնը, հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը մեղրի պէս  կը ծորէին իր սրտէն ու թոքերէն: Պաշտօնական թէ մտերմիկ զրոյցներու ժամանակ իսկ կը վեհանար, կը վերանար ամբողջ սրտով, մտքով ու մարմնով: Կը յարգէր, կը խրախուսէր, կը յուսադրէր: Ինչպէս սիրտը բաց էր բոլորին դիմաց, իր տան դռները եւս բաց եղան բոլորին դիմաց: Եղաւ օրինակելի հայր, եղաւ օրինակելի եղբայր բոլորին` ճշմարիտ հոգեւորականի, ճշմարիտ եկեղեցականի, ճշմարիտ քահանայի վարքով, բարքով ու ապրելակերպով:

Այս օրերուն կ՛ըսեն ու կը գրեն, որ վախճանեցաւ Սուրէն արքեպիսկոպոսը: Վերջացաւ, մեռաւ Սուրէն սրբազանը: Արդեօ՞ք: Չեմ խորհիր: Սուրէն սրբազան` ոգեղէն պատը, պարզապէս պատի վտանգաւոր կողմէն անցաւ անվտանգ կողմը: Միացաւ իր հայրերուն ու եղբայրներուն` ամրապնդելու համար ազգային եւ եկեղեցական` օրերս վտանգուած պատը, որ չփլուզուի եւ պատուհաս չդառնայ իր ապրող զաւակներուն ու եղբայրներուն:

Սրբազա՛ն եղբայր, դուն տեսար ու ապրեցար քու սիրած կաթողիկոսութեան ապրած տագնապալի օրերը, դուն տեսար ու ապրեցար լիբանանեան  եւ սուրիական հայրենիքներու տագնապները, դուն տեսար ու ապրեցար արցախեան հայրենիքի անդառնալի կորուստը, դուն տեսար ու ապրեցար հայրենիքի շուարած ու անորոշ վիճակը, դուն տեսար ու ապրեցար սփիւռքի հայաթափումը: Վստա՛հ եմ` տագնապեցար եւ տրտմաքող ժպիտը դէմքիդ` անձայն մեկնեցար: Պատրանաթափ չմեկնեցար սակայն, յոյսի ջահը սրտիդ սեղմած մեկնեցար: Եւ այդ պատկերով պիտի մնաս քեզ սիրողներու փաղանգի սրտին մէջ: Գիտեմ` չլքեցիր մեզ, առանց սրտնեղութեան` անցար պատին միւս կողմը: Բայց հոս կսկիծը մեծ է, երբ մանաւանդ գիտենք, որ մեզ իրարմէ բաժնող սեւ վարագոյրի պէս պատը չենք կրնար պատռել կամ ճեղքել: Դառն է եւ անբեկանելի այս վճիռը, որուն դիմաց լուռ կը ճենճերինք:  Եւ ճմլուած սրտով ու տրտումերես, կանգնած պատի այս կողմին վրայ, երթաս բարովի փոխարէն` կը շշնջենք. բարեխօս հանդիսացիր մեզի, սրբազա՛ն հայր, սրբազա՛ն եղբայր, որ հեռացնենք մեզ շրջապատած չարիքները եւ նոր վտանգներու չենթարկուինք: Բարեխօս եղիր, որ քու սիրած ու ցիրուցանուած ժողովուրդը դառնայ մէկ ընտանիք, քու սիրած ու շուարած ժողովուրդը սթափի, վերագտնէ  ինքզինք, աշխատի ու ճգնի, որ սիրած հայրենիքդ, պաշտած եկեղեցիդ եւ երազած ընտանիքդ ըլլան քու երազած հայրենիքը, քու տենչացած եկեղեցին, քու փայփայած ընտանիքը:

Այժմ, միայնակ, անսահման լռութեան մէջ թաղուած, քու թեւատարած ու խանդավառ ողջագուրումի պատկերիդ առջեւ, Ղեւոնդ Երէցի ձեռամբարձ խաչի զօրութեամբ, ճնճղկան մը վիրաւոր թեւերով կը շրջիմ հայրերուս արտաքնապէս մռայլած, բայց ներքնապէս շողարձակ շիրիմներուն վրայ, կատաղի սպասումով մը` հայրական ձեր յորդորին որոտաձայն…

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Ինչե՜ր Պէտք Է Յուշէ «Մարդուժի Տարի»-ն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.