Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկեղծ Մտորումներ` ՀՅԴ-ի 133-Ամեակին Առիթով

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գաղտնիք մը չէ, որ բոլոր հայ կուսակցականները յեղափոխականներ են ու նաեւ չեն: Բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ ուխտած են դրօշակիրը ըլլալ եւ մնալ կամովին իրենց ընտրած այդ գաղափարին:

Սակայն նաեւ պէտք է գիտնանք, որ յեղափոխական կուսակցութիւններու շարքերը անհատական սեփականութիւններ ալ չեն: Անոնք մեր տառապող ժողովուրդին նուիրական աւանդն են, յեղափոխական գաղափարի զոհուածներուն սրբազան կտակը ապրող սերունդներուն համար:

Յեղափոխութեան ճշմարիտ հերոսը ինք` ժողովուրդն է, իր ցասումի, իր տառապանքի արտայայտութիւններէն եւ անոնց յոյսերէն ծնած: Իսկ յեղափոխականը այն անհատն է, որ ծարաւ է իր հայրենիքի ազատութեան, իր հայրենակիցներուն երջանիկ կեանքի ու վրէժխնդրութեան եւ արիւնի, յաղթանակի տիրապետող ոգիով:

Յեղափոխութիւնն ու յեղափոխականը ժողովուրդներու փառքին մաս կը կազմեն եւ ո՛չ… հրապարակներու եւ հանրային պոռչտուքները:

Եւ պատմութիւնը վկայ, հայրենիքը սիրողն ու պատուողը անոնք են, որոնք արդարութեան համար հանդուրժած են բանտը, աքսորն ու մահը:

Մեր մեծերէն սորված ենք, որ յեղափոխական գաղափարները մեզի կու տան առողջ գիծեր, դիմացկուն եւ խիզախ ու անխարդախ հոգի:

Բոլոր յեղափոխականներն ալ հայրենիքի ազատութեան գաղափարին հաւատքովը կամաւոր զինուորագրեալներն են, որոնք իրենց պատանի տարիքէն իսկ ուխտած են հաւատարիմ մնալ նուիրական գործին` միաժամանակ չնսեմացելով յեղափոխականի գործը, սկզբունքն ու իրենց կատարած երդումը:

Հոս տեղին է աւելցնել, որ ազգային դիմագիծով բոլոր յեղափոխականներն ալ կ՛ապրին խիզախութեամբ, պարկեշտութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անսակարկ գաղտնապահութեամբ ու կարգապահութեամբ, միշտ հաւատարիմ` իրենց սկզբունքներուն, եւ միշտ յանձնառու` իրենց յեղափոխական շարժման եւ վստահուած պարտականութիւններուն:

Ուրեմն, յեղափոխականի կեանքին մեծագոյն նպատակը իր հայրենիքին եւ հոն ապրող ժողովուրդին ազատութեան պաշտպան ու կեցուկ կանգնիլն է` քաջութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, իբրեւ խրոխտ եւ արթուն պահակ:

Ահա՛ էականը` իրենց կեանքին մէջ:

Անոր համար բոլոր յեղափոխականներն ալ իրենց հայրենիքին արհաւիրքի եւ տառապանքի անապատին մէջ կը նկատուին իբրեւ մէկական ովասիս, որովհետեւ բոլորն ալ կը ձգտին դառնալ մէկական վահան` հայրենիքի սահմաններու ապահովութեան եւ պաշտպանութեան, նաեւ` ներքին եւ արտաքին խոչընդոտներու դէմ պայքարող, հայրենիքի անդորրութեան սպառնացող ուժերու եւ շարժումներու դէմ անսակարկ կամաւոր ծառայ:

Լաւ յիշենք. յեղափոխականը, խօսքէն աւելի, գործով կը յատկանշուի:

Ան միշտ պատրաստ է շէնցնել պապենական իր երկիրը, նաեւ` զայն փրկել սարսափի եւ դառնութեան ճիրաններէն, չարչարանքի եւ արիւնոտ ճամբաներէն: Ան ամէն գնով կը պոռթկայ եւ նոյնքան ալ կը զոհուի անիրաւութեան դէմ: Միշտ զինուած է անհուն երախտագիտութեամբ, գաղտնապահութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ: Իր զայրոյթին մէջ առկայ են ազատութիւն եւ արդարութիւն գոռացող արձագանգները, եւ որոնք երբեք չեն մարիր:

Դարձեալ մեր մեծերէն սորված ենք, որ հայ յեղափոխականը հայրենիքի յաւերժութեան գաղափարին նուիրուած այն հայ անհատն է, որ զինուած ու պատրաստ է մարտնչելու իր հայրենի հողին եւ անոր վրայ բնակող ժողովուրդի երջանկութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ մանաւանդ` խաղաղութեան, իր ոգեղէն խորհուրդով եւ զէնքերով:

Ան միշտ պատրաստ է զոհելու եւ զոհուելու` յանուն պապենական հայրենիքի հողերու պաշտպանութեան եւ անկախութեան ճիգերուն եւ մարտնչումներուն:

Ահա՛ դաշնակցականն ու ահա՛ 133 տարեկան ՀՅԴ-ն:

Պատի՛ւ բոլորին, եւ յատկապէս` իրենց ծնունդ տուող հայ ժողովուրդին:

[email protected]

Նախորդը

Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Ե. Եւ Վերջ). 21-րդ Դարու Ոգիին Հետ Քայլ Պահող Ազգային, Յեղափոխական Եւ Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

Յաջորդը

Առանց Յուսահատելու

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.