Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդուժի Պատրաստութիւնը Եւ ՀՅԴ-ի Երիտասարդութիւնը

January 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անցնող երկամեակը (2022 եւ 2023) Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը հռչակեց «Սփիւռքի տարի», որուն վերաբերող հռչակագիրին մէջ, 11 դեկտեմբեր 2022-ին, ան կրկնելու գնով կ՛ընդգծէր այդ երկու տարիները «Սփիւռքի տարի» հռչակելու տուն տուող պատճառները ու հոն կը պարզէր «ճանապարհի քարտէս» մը, այլ խօսքով`  գործունէութեան ծրագիրի մը վերնագիրները, մաշող ու ուծացող սփիւռքը հզօրացնելու առաջադրանքներով:

Այդ պատգամին մէջ կաթողիկոսը պարզօրէն ու յստակօրէն կ՛ընդգծէր մարդուժի պատրաստութեան հրամայականը` ի սպաս վտանգուած սփիւռքի վերակազմակերպումի գործընթացին:

«Սփիւռքի տարի»-ին վախճանական նպատակը հայկական եռամիասնութիւնն էր, այսինքն` սփիւռք, Հայաստան եւ Արցախ. մէկ խօսքով` ամբողջական հայութիւնը:

Ափսո՜ս, որ այսօր չկայ Արցախը` իբրեւ քաղաքական հայկական միաւոր, իբրեւ հայրենիք, փոխարէնը` կայ տեղահանուած ու տարագրուած արցախահայութիւն:

Հռչակագիրին մէջ խոշորացոյցի տակ կ՛առնուէին մեր` հայկական իրողութեան, մռայլ եւ գորշ երեսները, եւ լուծումներ ու կամք կ՛արտայայտուէր այդ իրողութիւնը յեղաշրջելու դէպի լաւը ու պայծառացնելու խորքն ու դէմքը:

Հոն կը մատնանշուէր ու կ՛ընդգծուէր հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, Հայ եկեղեցիին, հայկական բազմատեսակ կառոյցներուն (կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ այլն) անառարկելի կարեւորութիւնը` հայութիւնը ամրակուռ  ու հզօր դարձնելու, անխուսափելիութիւնը եւ հրամայականը` յարմարելու 21-րդ դարու իրականութիւններուն, վերակազմակերպուելու, իսկ այս բոլորին իրագործման կարեւորագոյն միջոցը կը նկատուէր մարդուժի պատրաստութիւնը:

Գրութեանս մէջ պիտի խուսափիմ դեգերելէ «Մարդուժի պատրաստութիւն» տարուան հռչակագիրին բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ: Սակայն պիտի փորձեմ մատնանշել մարդուժի պատրաստութեան առումով հայ երիտասարդութեան պատրաստութեան կարեւորութիւնը, հրամայականը ու անոր` երիտասարդութեան վիճակուած դերակատարութիւնը` դաշնակցականի ակնոցով դիտուած:

Սկսիմ հայ ընտանիքէն` նման հռչակագիրին մէջ արձանագրուած բնագաւառներուն:

Հայ ընտանիքը հիմնաքարն է, խարիսխը` հայ ազգին. հայ ընտանիքը մանրանկարն է հայրենիքին:

Երիտասարդ ընտանիքը. անոնց զաւակները վաղուան երիտասարդներն են հարկաւ: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ ուժական դարձնել հայ ընտանիքը` ի սպաս հայ ազգին: Պիտի յաջողի՞նք մշակել հաւաքական մտածողութիւն մը, մտածելակերպ մը` ի սփիւռս աշխարհի, յառաջիկային ունենալու համար ամրակուռ ընտանիքներ, հա՛յ ընտանիքներ:

Հայ դպրոցը. եթէ երեխային դաստիարակչական առաջին քայլը կ՛արձանագրուի տան մէջ, ապա անոր նկարագրի կերտման գլխաւոր գործօնն ու միջավայրը հայ դպրոցն է, որ, ցաւ ի սիրտ, ամէնուրեք չէ, որ օրինակելի, իտէալական վիճակ կը ներկայացնէ:

Արեւմտեան ոստաններուն մէջ հայ դպրոցը չի նմանիր հայրենի դպրոցներուն եւ ոչ ալ արեւելքի վարժարաններուն:

Սակայն, անկասկած, զանոնք բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը միշտ կայ ու պիտի ըլլայ: Բարելաւել անոր կրթական համակարգը, հայօրէն դաստիարակելու անոր հայեցակարգը, վարձատրութեան չափանիշը…

Մարդուժի պատրաստութեան միջավայրը անշուշտ դպրոցն է, իսկ հայուն, հայկական մարդուժի պատրաստութեան հնոցը հայ դպրոցն է:

Նշելի յոռի երեւոյթ է, որ երիտասարդութեան նկատելի զանգուած մը հեռու է հայ դպրոցէն…

Ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ո՞ւր գտնել հայ դպրոցը բարելաւելու դեղատոմսը, որպէսզի ակնկալուած չափանիշով հոն պատրաստուի հայկական մարդուժը:

Եթէ հայկական վարժարանը կոչուած է մշակելու եւ բարելաւելու հայ մարդուն միտքը, ապա հայ մարդուն հոգին մշակելու, յղկելու վայրը հայ եկեղեցին է: Ան ազգային, հոգեւոր, հոգեմտաւոր եւ նոյնիսկ կրթական ու մշակութային բնագաւառներուն խարիսխն է` իր կառոյցներով, ըլլան անոնք դպրեվանք, հայագիտական թէ մանկավարժական հիմնարկներ եւ կառոյցներ:

Տալով գործնական օրինակ մը` յայտնեմ, որ ծննդավայրս` Քեսապը, այս իմաստով ունեցաւ իր փորձառութիւնը:

Քեսապի Հայ առաքելական եկեղեցին վերջերս մնաց առանց հոգեւոր հովիւի: Վեհափառ հօր տնօրինութեամբ, Քեսապ առաքուեցաւ աբեղայ հայր մը` իբրեւ հոգեւոր տեսուչ (այժմ` վարդապետ): Ան Քեսապ մնաց երեք տարիներ եւ իր եռամեայ գործունէութեամբ մեծապէս նպաստեց Քեսապի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Քեսապի ազգային վարժարանին, ինչպէս նաեւ` Քեսապի մէջ գործող մշակութային, բարեսիրական եւ նոյնիսկ մարզական միութիւններու պայծառացման: Ան գործեց իբրեւ պատրաստուած երիտասարդ մարդուժ, որուն մեկնակէտը Անթիլիասի կիլիկեան մայրավանքն էր, ուր ան ստացած էր իր հոգեւոր եւ հոգեմտաւոր-մշակութային կրթութիւնը:

Հայկական իրականութեան մէջ բնականաբար մեծ տեղ գրաւած են բազմատեսակ կառոյցներ. անոնք են` կուսակցական, գաղափարական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական… եւ այլն:

Այդ կառոյցները, մանաւանդ` անոնցմէ երիտասարդութեան հետ առնչուածները, հնոցներն են հայ երիտասարդը, հայ մարդը, գաղափարական մարդը դարբնելու` հում հանքային նիւթէն պողպատը թրծելու:

Անոնք Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն յաջողեցան յաղթահարել հայ կեանքին առջեւ բարձրացած պատերը:

Մեր կուսակցութիւնները, իմա` ողջ հայութիւնը, յաջողեցաւ վեց դարերու խաւարէն ետք ստեղծել պետականութիւն:

Հայոց պետականութեան անկումէն ետք սփիւռքի մէջ հայկական բազմերանգ այդ կառոյցները յաջողեցան վառ պահել ու փայփայել հայրենիքի վերատիրացման երազները, մինչեւ որ այդ երազը դարձաւ իրողութիւն:

Դասական կերպերով ու միջոցներով յաջողեցան մարդուժի պատրաստութեան մէջ, սակայն այդ` երբ դժուարութիւնները 20-րդ դարու յատուկ էին:

Մարդուժի պատրաստութեան ճամբուն վրայ հայ (իմա դաշնակցական) երիտասարդութիւնը յառաջ մղեց յեղափոխականացման ու քաղաքականացման գաղափարները եւ զանոնք աննահանջ հետապնդեց:

Մարդուժի պատրաստութեամբ յաջողեցանք քանդել Հայ դատի հետապնդման դիմաց բարձրացած պատերը, յաջողեցանք Արցախի ազատագրական պայքարը յաջողութեամբ ու ազատագրութեամբ պսակել:

Սակայն մենք այսօր արդէն 21-րդ դարու առաջին քառորդը քալած ու անցած ենք: Պայմանները անշուշտ որ չեն նմանիր անցնող դարու պայմաններուն: Ամէն ինչ յարաբերական է այսօր: Բարդացած է նաեւ 21-րդ դարու պայմանները յաղթահարելու կարելիութիւնը, ինչ որ կը պահանջէ յաւելեալ ու հետեւողական ճիգ` մեր տենչերուն, հաւաքական իղձերուն հասնելու համար:

21-րդ դարուս մէջ նորանկախ հայրենիքը իր բնակչութեամբ չի նմանիր 20-րդ դարու վերջին տասնամեակի հայութեան:

Այսօր սփիւռքը նոյնը չէ, ինչ որ էր ասկէ 30-40 տարիներ առաջ:

Արցախը կորսնցուցած ենք, իսկ սփիւռքը աւելի աշխարհացրիւ եղած է ու` հիւծած:

Ո՞ւր փնտռել մեր հարցերուն դեղատոմսը:

Անկասկած` երիտասարդութեան մօտ: Սակայն` պատրաստուած ու կազմակերպուած երիտասարդութեան:

Մեր այդ երիտասարդական կառոյցներուն մէջ պէտք է փնտռել մարդուժի պատրաստութեան միջավայրը` անոնց միտքը, հոգին, կամքը մշակելու, ամէնէն ուժական վայրը այդ է:

Հոն է ինքնադաստիարակութեան վայրը, յեղափոխականացման ու քաղաքականացման համար պատրաստութեան վայրը:

Հոն է, որ ան` երիտասարդը, իբրեւ պատրաստուող մարդուժ, պիտի սորվի ծառայել` իր ազգին, եկեղեցիին, հայրենիքին, կազմակերպութեան, ընկերութեան եւ նոյնիսկ` մարդկութեան:

Սակայն հարկաւոր է այդ միջավայրը դարձնել առողջ, արդի` իր մթնոլորտով, իր գործելակերպով, որպէսզի ոչ միայն հոն գործողը չխրտչի, այլեւ այդ կառոյցներէն դուրս գտնուողները, երիտասարդները գան այնտեղ, գէթ մօտենան` գրաւչութեան դիմաց տկարանալով. այսինքն միջավայրը ըլլայ նաեւ գրաւիչ` իր մարդկային յարաբերական տեսանկիւնէն դիտուած:

Հոն պէտք է տիրէ իրարու հանդէպ հանդուրժողութեան այնպիսի մթնոլորտ, որ մեր իտէալներուն, ձգտումներուն վտանգ թուացող երեւոյթները միայն անընդունելի ու անհանդուրժելի ըլլան:

Արդէն, իբրեւ դաշնակցականներ, կը տօնենք մեր կազմակերպութեան 133-րդ տարեդարձը 133 տարիներէ ի վեր, սովորութիւն է, որ այդ տարեդարձները ըլլան մեզի համար, մեր երիտասարդութեան համար անկիւնադարձային` վերատեսութեան ենթարկելու մեր բացթողումները, նոր կամքով, նոր կորովով, նոր ուժականութեամբ նետուելու համար վաղուան ճանապարհին վրայ:

Պահն է, որ մեր երիտասարդութիւնը գիտակցի մարդուժի պատրաստութեան անխուսափելիութեան, եթէ կը փափաքի յաղթահարուած տեսնել իր առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները:

Մարդուժի պատրաստութեան միջավայրերը անպակաս են անշուշտ. մասնագիտական պատրաստութեան համար` համալսարանները, հայօրէն պատրաստութեան համար` հայրենի համալսարանները, Համազգայինի թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թէ հայրենի հայագիտական հիմնարկները… եւ այլ ամպիոններ (Փնտռողը զԱստուած կրնայ գտնել):

Դաշնակցութեան 133-րդ տարեդարձին այս պահուս ջերմ մաղթանքս է, որ դաշնակցական երիտասարդը անպայման առնչուի, գիտակցի «Սփիւռքի տարի» եւ «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»-ի հռչակագիրներու բովանդակութեան, որոնց խորքը ոչինչով տարբեր է դաշնակցական օրինակելի երիտասարդութիւն մը ունենալու գաղափարախօսութենէն: Կը մաղթեմ, որ զայն իւրացնելու ջանք չխնայէ:

2024-ը` Դաշնակցութեան 133-րդ տարեդարձը, արդեօ՞ք դաշնակցական մարդուժի պատրաստութեան անկիւնադարձային տարի չի՞ կրնար ըլլալ:

21 յունուար 2024
Քեսապ

Նախորդը

Վե՜հ Դաշնակցութիւն

Յաջորդը

Միշտ Վահանով, Երբե՛ք Առանց Վահանի (ՀՅԴ-ի 133-Ամեակի Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.