Երէկ շարունակուեցան Տուպայի պասքեթպոլի 33-րդ միջազգային մրցումները, եւ կրելէ ետք իր յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը, Սաժես եղաւ առաջին խումբը, որ յոյս չունի հասնելու քառորդ աւարտական:
Սաժես, որ օր մը առաջ Ռիատիէն 96-76 արդիւնքով պարտուած էր, երէկ մարոքիան Սալա ակումբէն պարտուեցաւ 82-68 արդիւնքով: Վաղը Սաժես իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Պենղազիի դէմ (Լիպիա):
Ռիատի իր կարգին արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 93-81 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Լիպիոյ Ահլի Պենղազի խումբին:
Այսօր ժամը 17:15-ին ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ, որ շատ լաւ օրերու մէջ չի գտնուիր: Յաղթանակ մը կրնայ ապահովել ՀՄԸՄ-ի տոմսը վերջին մրցումը չկատարած` վաղը Սուրիոյ Ուահտէին դէմ:
Յոյսով, որ մեր տղաքը խմբային գեղեցիկ խաղարկութիւն կիրարկեն, բան մը, որ սկսած էր Սթրոնկ Կրուփի դէմ մրցումին (հակառակ պարտութեան), եւ արդիւնքով փաստուած` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ մրցումին (113-86):


