Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Համախմբումի Ու Նորացուած Ռազմավարութեան Մը Սպասումով

January 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1890 թուականին իր յայտարարած առաջադրանքները սառեցուցած եւ փոփոխութիւնները մերժող կուսակցութիւն չէ: Աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու պարբերական փոփոխութիւնները, Հայաստան աշխարհի վերաձեւափոխումները, աշխարհով մէկ ցրուած հայ ժողովուրդի ձգտումներու ու հնարաւորութիւններու հոլովոյթը կը պարտադրեն յաճախակի սրբագրումներ ու վերանայումներ: Հարցը չի վերաբերիր աշխարհահայեացքին ու անկէ բխած նպատակին: Հարցը նպատակը իրագործելու գործնական միջոցներուն կը վերաբերի, երկարատեւ պայքարի գործիքակազմերուն ժամանակակից որակ հաղորդելու մշտական փնտռտուքին: Ամփոփելով, ըսենք` կուսակցութեան ռազմավարութեան եւ զայն գործի դնող մարտավարութիւններուն:

Ռազմավարութիւնը միայն գործունէութեան տեսակ որոշող ազդակ չէ: Անիկա ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագրէն ու գործելակերպէն առաջնահերթութիւններ ճշդող, ժամանակակից առաջադրանքներ սահմանող կենսական փաստաթուղթ է:

Առաջնահերթութիւններու սահմանումը չ՛ենթադրեր Ծրագրի ճշդած նպատակներէն հրաժարում. ռազմավարութիւնը կրնայ նպատակներուն դասաւորումը վերանայիլ ու առկայ քաղաքական կացութեան նկատառումով` անմիջական առաջադրանքները սահմանել, յարատեւ պայքարին կիզակէտերը մատնացոյց ընել:

Շրջաններուն կը մնայ, իւրաքանչիւրին պայմաններուն, հնարաւորութիւններուն ու կարելիութիւններուն համաձայն որդեգրելու ճշդուած ռամավարութեան գործնական եղանակ մը, այսինքն` մարտավարութիւն մը:

Վերեւի տեսական թուացող բացատրութիւնը նպատակ չունի վարժապետական ուսուցում մը դառնալու: Յաճախ կը հանդիպինք ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը քննադատող մեկնաբանութիւններու, որոնք հարիւր եւ աւելի տարիներու հեռաւորութեամբ գործեր բաղդատութեան կը դնեն եւ կ՛եզրակացնեն, որ Դաշնակցութիւնը շեղած է իր նպատակներէն: Կարծէք ժամանակը կանգ առած է, աշխարհը չէ փոխուած, համաշխարհային ու այլ պատերազմներ չեն մղուած, Պաղ պատերազմ չէ եղած, կայսրութիւններ չեն փլած, Հայաստանն ալ… չէ անկախացած: Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր յատուկ պայմանները ունի եւ այդ պայմաններուն լոյսին տակ` կ՛ենթադրէ ժամանակահունչ գործելակերպ, կացութեան պատշաճող առաջադրանք:

Հայաստանի երրորդ (իսկութեամբ` երկրորդ) հանրապետութեան ստեղծումը արդարօրէն մտածել տուաւ, որ հայրենի պետութեան իշխանութիւնները պիտի ստանձնեն պահանջատիրական պայքարին առաջնորդութիւնը: Այդ պայքարին առաջնորդութիւնը ստանձնած էր ՀՅ Դաշնակցութիւնը, առաւել կամ նուազ չափերով գործակից ունենալով հայկական միւս կուսակցութիւնները եւ այլ կազմակերպութիւններ: Սակայն անկախութեան բերած քաղաքական արեւելումը զգալիօրէն տարբեր եղաւ պահանջատէր հայութեան ակնկալածէն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատշաճեցուց իր ռազմավարական ընտրանքները եւ փորձեց հայրենի պետութեան քաղաքական ընտրանքները մօտեցնել տասնամեակներէ ի վեր առաւելաբար սփիւռքի մէջ կատարուող քաղաքական գործընթացներուն: Մասնակի յաջողութիւններով հանդերձ արդիւնքը անբաւարար եղաւ:

Հակառակ բազմաթիւ ժողովներու, համագումարներու, խորհրդակցութիւններու եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու, կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել ու ազգային ընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակել: Միշտ յայտնի թէ քողարկուած մերժում կար Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններուն կողմէ: Մերժումը աւելի բացայայտ դարձաւ 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք: Հայութեան պառակտում, 2020-ի պատերազմ եւ պարտութիւն, 2023-ի աշնան կարճատեւ նոր պատերազմ ու Արցախի բնակչութեան բռնի արտահանում յաջորդեցին իրարու եւ ստեղծեցին, Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար, ժխտական նոր իրավիճակ մը: Հայաստանի իշխանութիւնները Սահմանադրութեան փոփոխութիւն կը ծրագրեն, յայտնապէս Սահմանադրութենէն դուրս բերելու համար անոր անբաժան մաս` Անկախութեան հռչակագիրը եւ ազգային պահանջատիրական այլ դրոյթներ:

Հայ ժողովուրդը եւ անոր հետ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը գտնուին անընդունելի նոր կացութեան մը յանդիման: Նման կացութիւն կ՛ենթադրէ նոր փուլի մը գոյացում, որ ազգային բոլոր ուժերու համախմբումով ու համազգային պայքարով պիտի բոցավառի:

Ժամանակն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ մշտապէս ժամանակի ու պայմաններուն համապատասխան վերանայած է իր ծրագրային առաջադրանքները, ձեռնարկէ ազգային առողջ ուժերու համախմբման գործին ու այս առաջադրանքէն մեկնելով` վերանայի իր ռազմավարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. «Գունաւոր» Մեղադրանքներու Հանդէս (ՀՅԴ 133-Ամեակ)- Գ.

Յաջորդը

Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Գ.) – Համաթուրանականութիւնը Վտանգ` Հայրենիքի Եւ Ազգի Գոյութեան Համար

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.