Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով ճիգեր ի գործ դնելու եւ ջանքերը աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ վստահելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը իր աշխատանքները պիտի աշխուժացնէ:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ հնգեակը փետրուար ամսուան սկիզբը գումարէ իր նիստը Ռիատի մէջ:
Հնգեակին կողմէ նոր քայլեր առնելու եւ աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով առաջին ակնարկութիւնը կատարած էր Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի:
Կը նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ հինգ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Քաթարի դեսպանները այցելեն Այն Թինէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպում մը ունենալու համար:
Նշենք, որ դեսպաններուն եւ Պըրրիի միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, մինչդեռ այսօր խորհրդարանի նախագահը պիտի ընդունի դեսպան Պուխարին, որուն այցելութիւնը վաղուց ճշդուած էր:
Միւս կողմէ, Պուխարի, որ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն հետ ունեցաւ հանդիպումներ, երէկ Եարզէի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին:
Պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Լիբանանի դէմ ընդարձակ պատերազմ մը սանձազերծելու Իսրայէլի փորձերէն` աւելցնելով, որ ժամանակն ու պայմանները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան զօրակցութիւնը առիթ կը ստեղծեն Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործող Իսրայէլին` ընդարձակելու Լիբանանի դէմ պատերազմի շրջագիծը:
«Սակայն պէտք չէ Իսրայէլի լարած ծուղակին մէջ իյնալ եւ երկիրը պատերազմի առաջնորդել», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդգծեց, որ Իսրայէլի շահերուն ծառայող բոլոր «դասաւորումները», ինչպէս` Դիմադրութեան մարտիկներուն տեղակայումը հիւսիսային Լիթանիի մէջ, մերժելի են Լիբանանի կողմէ:
«Այս իմաստով միջազգային բոլոր պատուիրակներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հաստատած ենք, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, եւ պէտք է պարտադրեն, որ Իսրայէլ եւս գործադրէ զայն», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
Կրթական առումով երէկ երեկոյեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրուեցաւ պատուոյ ուխտ մը` դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն միջեւ, հովանաւորութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի:
Պատուոյ ուխտին ստորագրութեան լոյսին տակ սեփական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքային կողմէ այսօրուընէ սկսեալ գործադրուելիք դասադուլը ջնջուեցաւ:
Սեփական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ ընդգծեց, որ այսօր սովորական դպրոցական օր է բոլոր սեփական դպրոցներուն մէջ:
Ապահովական իմաստով, Հարաւային Լիբանանը շարունակեց մնալ իսրայէլեան բուռն ռմբակոծումներու թիրախ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանդ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ պատերազմը Իսրայէլի համար խիստ պիտի ըլլայ, իսկ Լիբանանի եւ Հըզպալլայի համար` քանդիչ:
Ան հաստատեց, որ նոյնիսկ եթէ Հըզպալլա կասեցնէ զինուորական գործողութիւնները, իրենք պիտի շարունակեն, մինչեւ որ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ ապահովական կացութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի:
Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Մարուն Ռաս, Մէյսէլ Ժապալ, Մերժահիուն, Շիհին, Քֆարքիլա, Մարուահին, Թիպէ, Հուլա, Տէյր Միմաս, Խիամ, Պըրժ Մուլուք եւ Թէյր Հարֆա շրջանները:
Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Զարհիթ դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Ռահեպ դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծած են իսրայէլեան Ապու Տաժաժ բարձունքն ու Սըմմեքայի դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Սամեհ Ասաատ Ասաատ եւ Ալի Սայիտ Եհիա միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


