Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կ՛ուզենք տեղեկացնել, թէ Ս. Սարգիսի ծոմապահութիւնը կը սկսի երկուշաբթի, 22 յունուար 2024-ին, եւ կը տեւէ մինչեւ չորեքշաբթի, 24 յունուար 2024:
Ծոմ պահող բոլոր հաւատացեալներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ չորեքշաբթի, 24 յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 5:30-ին տեղի պիտի ունենայ Խոստովանանքի կարգ, որմէ ետք պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ պիտի տրուի Ս. հաղորդութիւն:
ԾԱՆՕԹ.- Այն հաւատացեալները, որոնք փափաք ունին մատաղցու կամ նիւթական նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին դիմել Թաղական խորհուրդի գրասենեակ, մինչեւ շաբաթ, 27 յունուար 2024, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հեռաձայնելով 01/259861 թիւին:
ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը զուգադիպի կիրակի 28 յունուար 2024-ին:
Այս առիթով պիտի պատրաստուի աւանդական մատաղ:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ հաստատել Թաղական խորհուրդի գրասենեակ մինչեւ շաբաթ, 27 յունուար 2024, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հեռաձայնելով 01-259861 թիւին:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՏԱՐԱԾՔ
100 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, արժէքին կէս գինը` 49.000$, սակարկելի: Դիմել` հեռ. 70-238154 թիւին, ժամը 11:00-էն 4:00:


