Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Հայկական Կողմն Ու «Եւրոնեսթ»-ը` Կրկնակի Թիրախներ

April 4, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի մէջ կայացած  «Եւրոնեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին տեղի ունեցաւ ակնկալուածը: Հիւրընկալող Ազրպէյճանի նախագահը հիւրընկալուող Հայաստանը անուանեց  «ցեղապաշտ», «բռնագրաւող» եւ «գերեզմաններ պղծող»:

Երկուշաբթի օրուան նիստերուն որեւէ ձեւով չէր շօշափուած հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը: Երեքշաբթի եւս, առանց արցախեան թղթածրարի քննարկման որեւէ առիթի, Ազրպէյճանի թիւ մէկ ղեկավարը նման յայտարարութիւն կատարելով խորքին մէջ ինք դրսեւորած եղաւ ցեղապաշտութիւն եւ յարձակողապաշտութիւն:

Ի հարկէ հայկական կողմը հակադարձեց: Խնդիրը սակայն եւրոպական կառոյցներուն կը վերաբերի հիմնականին մէջ, աւելի քան հայկական կողմին: Պաքուի մէջ նման խորհրդաժողովին հայկական մասնակցութիւնը հայոց պետութեան կ՛ապահովէ  յստակ առաւելներ: Անիկա ամէնէն առաջ եւրոպական կառոյցներու կազմակերպած վեհաժողովներուն նկատմամբ աշխուժ մասնակցութեան ցուցանիշ է, համարկման քաղաքականութիւնները լիարժէք իրականացնել է եւ «Եւրոնեսթ»-ի գծած կանոններուն ընդառաջ շարժիլ է:

Միաժամանակ` քաղաքական կամքի յստակ դրսեւորում է. մանաւանդ Պուտափեշտի կացինը մտաբերելով, առօրեայ եթէ ոչ  ամէնժամեայ հրադադարի խախտումները նկատի ունենալով եւ  քարոզչաքաղաքական ապատեղեկատուութեան ականատես ըլլալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ներկայութիւնը Պաքուի խորհրդաժողովին քաղաքական ժամանակակից օրինաչափութիւններու յարգում է, եւրոնեսթեան ծրագիրներուն աշխուժ ներգրաւումն է եւ մասնակից պետութիւններէն ակնկալուած գործունէութեան բարձր  ցուցանիշ է:

Երբ հակառակ նշուած իրողութիւններուն հայկական կողմը անվերապահ մասնակցութիւն կ՛ունենայ Պաքուի խորհրդաժողովին, ապա հիւրընկալող կողմէն նուազագոյնը կ՛ակնկալուէր հիւրընկալէ մը ակնկալուած պատշաճ պահուածք: Պատշաճ պահուածքը սակայն, սկզբունքով կ՛ակնկալուի քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները յարգող պետութենէ մը: Հրադադար խախտելը միջազգային համաձայնութիւն չյարգել է, յուշակոթող քանդելը մշակութային հարցերու մասին միջազգային ուխտեր նկատի չառնելն է, իսկ հայատեացութիւն սերմանելն ու տարածելը ցեղապաշտութիւն մերժող միջազգային ընտանիքի ճշդած օրինաչափութիւններու ոտնակոխում է:

Խնդիրը ուրեմն, ուղղակիօրէն պետութեան մը կ՛առնչուի, որ առ հասարակ միջազգային հասկացողութիւններու շրջանցումներ կը կատարէ ամէն առիթի: «Եւրոնեսթ»-ի ղեկավարութիւնը պարտաւոր էր այս հանգամանքները նկատի ունենալ «Եւրոնեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովի վայրը Պաքուն ճշդելէ առաջ: Պատահարը խորքին մէջ իբրեւ էութիւն առնուազն համահունչ շարժառիթներ ունի  Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի սպային կողմէ հայ սպային  դէմ գործադրուած կացինահարումին հետ:

Հայատեացութեան տարածումին ընդմէջէն գերազանցապէս ցեղապաշտական մոլուցքի զարգացումն է, որ կը ղեկավարուի Պաքուի ամենաբարձր մակարդակներէն: Այդ մթնոլորտն է, որ ազրպէյճանական կացինները կը սրէ եւ նորանոր դաւադրութիւններու կ՛առաջնորդէ ազրպէյճանցի քաղաքացիներն ու զինուորները:

Ահա այս կէտն է, որուն վրայ մնայուն ուշադրութիւն կեդրոնացնելու պարտաւորութեան տակ են «Եւրոնեսթ»-ը կամ ընդհանրապէս եւրոպական ընտանիքի կառոյցները: Ցեղապաշտութիւնը, յարձակողապաշտութիւնն ու քաղաքական ամենամեղմ ըսելաձեւով` անհիւրընկալութիւնը եւրոպական օրէնքներուն, հասկացողութիւններուն եւ ընդհանրապէս օրինաչափութիւններուն հիմնովին հակասող երեւոյթներ են: Այս բոլորը իբրեւ հակասական եւ մերժելի երեւոյթներ կը բազմապատկուին եւ ինքնաբերաբար խոշորացոյցի տակ կու գան, երբ հիւրընկալող կողմէն կը կիրարկուին հիւրընկալուող կողմին նկատմամբ:

Հայկական համարժէք հակադարձութիւնը` իր կարգին: Այդ հակադարձութիւնը կարեւոր չափով մը վստահաբար պատգամ կ՛ունենայ «Եւրոնեսթ»-ի ղեկավարութեան, որպէսզի առարկայական գնահատական տայ Ազրպէյճանի նախագահին դրսեւորած յարձակողապաշտութեան, որ ի դէպ հայկական կողմին ուղղուած ըլլալու զուգահեռ ուղղուած է «Եւրոնեսթ»-ին: Թերեւս ալ նախ եւ առաջ` «Եւրոնեսթ»-ին:

Նախորդը

Աւագ Շաբթուան Խոհեր . Վերջին Ընթրիքն Ու Սիրոյ Պատգամը

Յաջորդը

Ֆորմիւլա-3. Նոել Ժամմալ Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։