Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հոգեցնցիչ Արտայայտութեան Մը Դէմ Յանդիման (ՀՅԴ 133-Ամեակ) Ա.

January 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ռոստոմի մահից յետոյ մենք զգում էինք մեզ որբացած: Ռոստոմը իր զարմանալի անհատականութեամբ բարոյական հեղինակութիւն էր բոլորի համար:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ պատահաբար ձեռք ձգեցի Սիմոն Վրացեանի «Հին թղթեր նոր պատմութեան համար» հատորը, որ հրատարակուած է Պէյրութ, 1962-ին: Սկսայ կարդալ: Գիրքին բովանդակութիւնը` իրերայաջորդ նամակներ, որոնք ուղղուած են ընկերներու եւ մարմիններու: Հատորին մէջ ամփոփուած են նաեւ պատասխանատու թէ գործիչ ընկերներու նամակները, ինչպէս` Ս. Զաւարեանի, Մ. Վարանդեանի, Արմէն Գարոյի, Սիամանթոյի, Է. Ակնունիի, Ա. Իսահակեանի  եւ այլոց:

Մեծաթիւ են Սիմոն Վրացեանի նամակները, որոնք կը պարունակեն այնպիսի նիւթեր եւ տեղեկութիւններ, որոնք, պահ մը, կը շշմեցնեն ընթերցողը` նկատի առած անոնց իւրաքանչիւրի հետաքրքրական բովանդակութիւնը:

Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ Վրացեան կ՛անդրադառնայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը (1914-1922), ուր ձեւով մը կը պատմագրէ հայութեան թէ ՀՅ Դաշնակութեան հետ առնչութիւն ունեցող դէմքերն ու դէպքերը: Նամակներուն մէջ ընթերցողը կը հանդիպի առարկայական տուեալներու, ինքնաքննադատութեան եւ ժամանակակից հարցերը անթաքոյց ներկայացնելու համարձակութեան:

Եւ ահա, Արմէն Գարոյի ուղղուած մէկ նամակին մէջ Վրացեան կ՛ընդգծէ հայ թէ դաշնակցական կեանքին մէջ ստեղծուած հոգեվիճակը, երբ ան կ՛անդրադառնայ Ռոստոմի մահով ստեղծուած «որբութեան»:

ՀՅ Դաշնակցութեան գիր ու գրականութեան քիչ թէ շատ ծանօթ անհատներ, հարց կրնան տալ, որ եթէ երբեք 1920-ական թուականներուն Վրացեանի իսկ գրիչով արձանագրուած «որբութիւն» զգացողութիւնը կար, ա՛լ ի՞նչ պէտք էր զգային յաջորդ սերունդներ, որոնք ո՛չ տեսած էին աննման Ռոստոմը, ո՛չ ապրած անոր հետ, ո՛չ ալ գործած անոր շունչին տակ:

Փաստօրէն, Հայաստանի վարչապետութեան պաշտօնին ծառայած ու հետագայ սերունդներուն իր դաշնակցականի գործն ու կեանքը ժառանգած Սիմոն Վրացեանի սա մեծադիր մատնանշումը` անկրկնելի Ռոստոմին մասին, ապացոյց է, աւելի՛ն. բոլոր ժամանակներու ՎԿԱՅԱԳԻՐ, որ  Դաշնակցութեան ծնունդը, սոսկ ժամանակակից կեանքի պարտադրանք ու պատմական անհրաժեշտութիւն մը ըլլալու առընթեր, անիկա  եզակի գաղափարական հնոց մը եղած է շնորհիւ անհատ մեծութիւններու թէ անօրինակ զոհողութիւններու:

Արդ, ազգային նուիրումի, ծով արեան ու քրտինքի շտեմարան մը հանդիսացած ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութիւնը եթէ երբեք մէկ կողմէ կը պարփակէ հայ ժողովուրդի տարեգրութիւնը` իր բովանդակ ելեւէջներով, միւս կողմէ, սակայն, պէտք չէ մտահան ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հաւատոյ հանգանակին, գաղափարախօսութեան եւ Ծրագիրին շունչ ու ոգի յանձանձողը եղած են Ռոստոմի նման հսկաններ, որոնք տուեալ պահուն ու ժամանակին կրցած են բորբ հաւատքի ու գիտակցական բարձր ունակութեան շնորհիւ գերեզանցել իրենք զիրենք ու նետուիլ պայքարի դաշտ` յանուն ազգի փրկութեան ու հայրենիքի կերտումին:

Մեր կուսակցութիւնը, 133 տարիներ շարունակ, եթէ կրցած է տոկալ ու դէմ դնել զարմանազան արհաւիրքներու թէ փորձութիւններու եւ շարունակել իր սուրբ երթը, առաքելութիւնը, յաջողած է այլապէս ալ շնորհիւ Ռոստոմի թողած աւանդին, եզակի ուժին, կորովին, շունչին եւ հրաշք գաղափարայնութեան:

Արդարեւ, կուսակցական կեանքի տխուր պահերու թէ բացթողումներու ատեն, ընկրկումներու թէ տխեղծ գործելակերպերու թոհուբոհին մէջ, պարտաւորութիւն մը, հրամայական պահանջ մը ինքզինք զգալի կը դարձնէ` յիշելու, այլապէս յիշեցնելու «որբութեան» ահաւոր պատկերը, հոգեվիճակը, որպէսզի հաւաքաբար կարենանք շրջանցել թշնամիներու թէ հակադաշնակցական մարդոց որոգայթները, մոլուցքը, եւ ճակատաբաց նետուելու պայքարի դաշտ:

 

 

Նախորդը

Մեզի Համար Զարթօնք Մը Պէտք Է

Յաջորդը

Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Ա.) – Դէպի Անդրմարդկայնութիւն Ընթացող Աշխարհի Մը Մէջ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.