Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեզի Համար Զարթօնք Մը Պէտք Է

January 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Կան մարդիկ, որոնք երկու հազար տարիներ ցիրուցան, այս ու այն երկիրը մնալէ ետք միացան,աշխատեցան, ջանք թափեցին եւ զոհուեցան, որպէսզի իրենց Աւետեաց երկիրը դառնան, եւ յաջողեցա՛ն: Կան մարդիկ ալ, որոնք երկու հազար տարիներէ ի վեր իրենց պապերուն կերտած հայրենիքը լքեցին եւ հեռացան հայրենի հողէն, Արցախէն, ան ալ` քանի մը օրուան ընթացքին:

Ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս եղան այս բոլորը, եւ դեռ ինչե՞ր տեղի պիտի ունենան:

Մենք շատ հեռու պիտի մնանք իրականութենէն, եթէ յաւակնինք եւ պնդենք, որ գիտենք, թէ իսկապէս ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, եւ վերլուծումներ կատարենք, ըմբռնելու համար վերջին իրադարձութիւնները: Շատ հեռու պիտի ըլլանք իրականութիւնէն նաեւ, եթէ այդպէս կարծենք, որովհետեւ տեղի ունեցածը եւ այս աններելի ազգային ողբերգութիւնը ծրագրուած են մութ վարագոյրի մը ետին եւ այդ իսկ տեղէն` կառավարուած: Այսպիսի դաւաճանութիւն մը ամիսներու կամ տարիներու պատրաստութեան կարիքը ունի, սակայն Արցախի պարագային, արագօրէն առնուած որոշումով մը զանգուածային ելքի (Exodus) մը վերածուեցաւ, եւ քանի մը օրուան ընթացքին առաւել քան հարիւր հազար բնիկ արցախցիներ իրենց դարաւոր պապենական հողէն հեռացան եւ գաղթի ճամբան բռնեցին: Այն, ինչը տեղի ունեցաւ, բնա՛ւ ընդունելի չէ, ինչպէս նաեւ ճշմարտութիւն չէ, որ այդ կատարուածը անխուսափելի աւարտ մըն էր:

Այդ բոլորը պատահեցան եւ, անոնց զուգահեռ, լրատուական միջոցներու հոսանքազրկում տեղի ունեցաւ պատահածին վերաբերեալ. լրատուական միջոցները ընդհանրապէս լուռ մնացին այս մեծ աղէտին ի տես` առանց համապատասխանօրէն անդրադառնալու այս մեծ դժբախտութեան. ցաւալին այն է, որ միայն օտարները չէին, որոնք լուռ մնացին, այլեւ` մեր հայկական միջոցները. անոնք եղելութիւններուն մասին անդրադարձան` իբրեւ տեղի ունեցած առօրեայ տեղեկութիւններ եւ ոչ թէ` իբրեւ պապենական հայրենիքի, սուրբ հողի կորուստի խնդիր:

Սփիւռքի եւ հայրենիքի հայերուն մեծամասնութիւնը այդ աղէտին մեծութիւնը չըմբռնեց, կամ չուզեց ըմբռնել, եւ այս իրադարձութիւններուն, այս մեծ ողբերգութեան հանդէպ անտարբեր մնաց:

Ինչո՞ւ այս անտարբերութիւնը, այս անհոգութիւնը:

Կը թուի, թէ ներկայիս, Արցախը պատմութեան մոռցուած էջերը կը մտնէ… Թշնամին կ՛աշխատի ամէն ինչի ազրպէյճանական բնոյթ տալ, նոյնիսկ հայկական գերեզմանատուները աւերակի կը վերածէ, իսկ մենք խաղաղութիւն կը մուրանք` մէյ մը թշնամիին դուռը, մէյ մը Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան եւ այլ կողմերէ:

Խաղաղութիւնը մեր երազն է, մեզի եւ բոլորին համար լաւ է, սակայն` ո՛չ թէ այս ոճով, ո՛չ թէ ազրպէյճանցին եւ իր մեծ եղբայր` մեր դարաւոր թշնամի թուրքը շոյելով:

Մի՞թէ մեր ազգը այս աստիճան տկարացած է եւ կարողութիւնը չունի իր իրաւունքներուն տէր կանգնելու, թէ՞ մենք թմրած եւ անտարբեր ենք:

Ո՛չ, ո՛չ այս, ո՛չ ալ այն:

Որբանոցներու մէջ հասակ առած մեր գաղթական հայրերը իրենց սորված երգերը մեզի փոխանցեցին եւ դաստիարակեցին` ըսելով. «Կռուեցէ՛ք տղերք, կռուեցէք քաջ-քաջ, անվեհեր կանգնած թշնամուն առաջ»:

Անոնք մեր մանուկ հոգիներուն մէջ քաջութեան սերմերը ցանեցին. «Մենք պէտք է կռուենք եւ ոչ լաց լինենք, Ազգին կորուստը զէնքով ետ խլենք»:

Այո՛, ազգին կորուստը պէտք է զէնքով ետ խլենք, իսկ ներկայիս զէնքը միայն կրակոցը չէ, անոր զուգահեռ, աննկուն կամք, պողպատէ բազուկ, փորձառու քաղաքականութիւն ալ պէտք է, եւ ամէնէն կարեւորը` մեզի համար ազգային գաղափարախօսութիւն է պէտք:

Ներկայիս մեր դարաւոր թշնամին, իր անցեալի եաթաղանին փոխարէն, անօդաչու «Պայրաքտար»-ին կառչած, կը ջանայ մեզ արմատախիլ ընել. Արցախի մէջ պատահածը վկայ: Տակաւին, ան կը շարունակէ, առաջանալ, իսկ մենք նահանջի մէջ ենք եւ պատրաստ` նոր զիջումներու:

Քաջ զէյթունցին աւելի քան մէկ դար առաջ կ՛երգէր. «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ գլուխ ծռենք, բռնաւորին մեր վիզ պարզած»:

Մի՞թէ թշնամին շոյելը, տեղի եւ անտեղի յայտնելը, թէ մենք միշտ պատրաստ ենք մեր սահմանները բանալու, իր անվերջ պահանջները մէկիկ-մէկիկ ընդունիլն ու գործադրելը բռնաւորին գլուխ ծռել եւ մեր վիզը պարզել չէ՞… Ե՞րբ յարգուած է տկարը:

Երբ մենք բռնաւորին մեր վիզը պարզելը խաղաղութեան քաղաքականութիւն կը համարենք, թշնամին մեզ կ՛անտեսէ` քաջ գիտնալով, որ մենք պատրաստ ենք յաւելեալ զիջումներու: Այդ առումով եւ այդ հոգեբանութեամբ, թշնամին նոյնիսկ համարձակօրէն Երեւանի մէջ վերջերս զետեղուած «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողը վար առնել կը պահանջէ, եւ երբե՛ք չզարմանանք ապագային, եթէ ան նաեւ պահանջէ քանդել Ծիծեռնակաբերդի համալիրը:

Այս բոլորին դիմաց ի՞նչ կ՛ակնկալենք` տնտեսական բարգաւաճո՞ւմ, եւ որուն ի շահ` թշնամիի՞ն. Թուրքիոյ արտածումը 2022-ին գերազանցած է 250 միլիառ տոլարը, իսկ Ազրպէյճանինը` 47 միլիառ տոլարը, մեծամասնութիւնը ըլլալով քարիւղի եւ կազի եկամուտ. իսկ Հայաստանինը, ըստ հրատարակուած թիւերու, 6 միլիառ տոլարը. մենք փոքր երկիր մը ըլլալով, առանց քարիւղի եւ կազի, պիտի չկարենանք մրցիլ անոնց հետ:

Թուրքիոյ մէջ հողատարածք կամ կալուած ծախու առնելը սիրով ընդունուած եւ քաջալերուած է պետութեան կողմէ, սակայն այդ մէկը արգիլուած է քանի մը ազգերու համար, ի միջի այլոց` հայերուն եւ յոյներուն համար, սակայն թուրքը եւ ազրպէյճանցին պիտի կարենան այդ մէկը կատարել Հայաստանի մէջ, եւ օր մը պիտի անդրադառնանք, որ անոնք տիրապետած են մեր հողին, մեր տնտեսութեան եւ, ի վերջոյ, իրենք պիտի որոշեն մեր ապագան:

Ինչպէ՞ս կը մտածեն ներկայիս եւ ի՞նչ կը պահանջեն ազրպէյճանցիները:

Ազրպէյճանցիները կը շարունակեն իրենց պահանջները, այս անգամ` բոլորովին տարբեր եղանակով. «Մենք կ՛ուզենք մեր պապենական տուները դառնալ»: Խօսքը Հայաստանի հարաւային բաժինին մասին է, եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը քաջալերէ այդ մէկը: Անոնց համար «Զանգեզուրի միջանցք»-էն աւելի կարեւորը ներկայիս Հայաստանի հարաւային մասը բնակիլն է. անոնք այդ գիւղերը իրենց մեծ հայրերուն կալուածները կը համարեն: Ռազմաքաղաքական գործիչ Գարեգին Նժդեհի պատմական ինքնահռչակ Լեռնային Հանրապետութեան (յունուար-յուլիս, 1921) տարածքը անոնք իրենց պապենական սեփականութիւնը կը նկատեն, իսկ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի` հայրենիքը պաշտպանելու պայքարը ազրպէյճանցիներու դէմ, ցեղային բնաջնջում կ՛անուանեն: Անոնք նոյնիսկ կը պնդեն, որ իբր թէ Ստալին հրամայած է հազարաւոր ատրպէյճանցիներ տեղահան ընել Հայաստանէն, 1948-1953:

Կարծես այդ բաւարար չէ. աւելի՛ն, Ալիեւ յօրինեց Հայաստանի տարածքին ամբողջութեամբ տիրանալու նոր ծրագիր մը` զայն հռչակելով «Արեւմտեան Ազրպէյճան», Հայաստանը անոր տարածքին մէջ առնելով:

Ալիեւ դեկտեմբեր 2022-ին այցելեց «Արեւմտեան Ազրպէյճան» համայնքի վարչական շէնքը. ատիկա անոր երկրորդ այցն էր` առաջինը ըլլալով 2010-ի շէնքի բացումէն ետք: Տրամաբանական է, որ այդ մէկը տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի ռազմական յաղթանակէն եւ Շուշիի հռչակագիրը ստորագրելէ ետք, ինչ որ ամրապնդեց թուրք-ազրպէյճանական ռազմական դաշինքը 2021-ին:

Մեր օրերու օսմանցի թուրքը` Ազրպէյճանի մեծ եղբայրը, հզօր թիկունք կանգնած է անոր. իսկ մենք կը վստահինք Ֆրանսային, որ մէկ դար առաջ Կիլիկիան ծախեց Աթաթուրքին, կամ` Միացեալ Նահանգներուն, որ Արեւմտեան Հայաստանի քարտէսը պատմութեան յանձնեց… իսկ ռուսերը մեզ արդէն իսկ վաղուց ծախած են քաղաքականութեան սեւ շուկային մէջ:

Քարիւղը բոլորը հարբեցուցած է, իսկ մենք այս բոլորին դիմաց, օրն ի բուն խաղաղութիւն կը պահանջենք:

Մեր ազգին համար պէտք է ԶԱՐԹՕՆՔ մը, վերածնո՛ւնդ մը:

Եթէ այս անտարբերութիւնը շարունակուի, եւ մենք չզարթնինք, ապա պիտի գայ այն օրը, երբ մենք, ասորիներու նման, տարին մէկ-երկու անգամ մեր ազգային զգեստներով մեր ազգին փառքերը պիտի յիշենք եւ տօնենք:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հոգեցնցիչ Արտայայտութեան Մը Դէմ Յանդիման (ՀՅԴ 133-Ամեակ) Ա.

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.