ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
6) Թրիփոլիի Սուրբ Հոգեգալուստ Եկեղեցի
Պատմական ակնարկ
Նախքան այժմու եկեղեցւոյ կառուցումը եկեղեցական արարողութիւնները կատարուած են յոյն ուղղափառ համայնքին կողմէ սիրայօժար տրամադրուած Մար Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ: Հետագային, Բաբգէն քհնյ. Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ, կառուցուած է Ս. Աստուածածին տախտակաշէն ու թիթեղածածկ եկեղեցին: «Գալուստ Կիւլպէնկեան»-ի բարերարութեամբ նոր եւ քարաշէն եկեղեցւոյ այժմու շինութիւնը աւարտած է 1962-ին եւ կոչուած` Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի: Եկեղեցւոյ օրհնութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած է 3 յունիս 1962-ին, Լիբանանի թեմի օրուան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի հանդիսապետութեամբ: Ինչպէս զանազան այլ շրջաններ, Թրիփոլիի մէջ ալ կը զգացուի ազգային արժէքներու նօսրացում եւ մարդուժի պահանջ: Սակայն, ինչպէս որ յիշատակուեցաւ այցելութեանս ընթացքին` «Գաղութը փոքր է, բայց որակը բարձր է» համոզումով, բուռ մը նուիրեալ ազգայիններ հրաշքներ կը գործեն եկեղեցին եւ անոր կից Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի առաքելութիւններու յարատեւման համար: Եկեղեցին եւ վարժարանը վերջերս ենթարկուած են արդիական նորոգութեան` նուիրեալ բարերար Վարուժան Ալթըբարմաքեանի իշխանական նուիրատուութեամբ: Հետաքրքրական է արձանագրել, որ եկեղեցւոյ գմբէթի հմայիչ սրբանկարը աշխատանքն է պաղեստինցի արուեստագէտի մը:
Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները
– Հոգեւոր հովիւը` Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան:
– Թաղական խորհուրդի ատենապետը` Էլի Սրապոնեան:
– 2018 թուականէն եկեղեցւոյ դպրաց դասը կը ղեկավարէ Պեթի Սրապոնեանը:
– Դպրաց դասը կը բաղկանայ մօտաւորապէս 10 անդամներէ, որոնց կէսը սարկաւագներ եւ դպիրներ եւ կէսը դպրուհիներ են, ընդհանրապէս անոնք արհեստաւորներ, ուսանողներ եւ տնային տնտեսուհիներ են:
– Երաժշտութիւն ուսանած` 1 հոգի:
– Եկեղեցւոյ նախկին դպրապետներն են` Աւետիս Իսկենեան, Սարգիս Իսկենեան, Կարօ Պօղոսեան, Անդրանիկ Սրապոնեան եւ Կարօ Բարկասեան:
– Դպրոցի տնօրէնն է Վաչէ Հարմանտարեանը:
Դպրաց դասին անուանացանկը
Պեթի Սրապոնեան (դպրաց դասի ղեկավար)
Արթին Գալուստեան
Արսէն Գալեմքերեան
Յարութ Թովմասեան
Սարգիս Իսկենեան:
Նշան Նազարեան
Աննա-Մարիա Սրապոնեան
Զուարթ Հինտոյեան
Թագուհի Գալեմքերեան
Ռիթա-Մարիա Սրապոնեան
7) Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցի
Պատմական ակնարկ
1927-ին կառուցուած է թիթեղաշէն-տախտակաշէն եկեղեցի` Ս. Աստուածածին անուանումով: 1953-ին Էշրեֆիէ թաղի ազգայիններու ու թաղականութեան ճիգերով եւ աշխատանքներով, Փերուզ Ապաճեանի նուիրատուութեամբ, թիթեղաշէն եկեղեցւոյ փոխարէն, կառուցուած է նոր եկեղեցին: 1955-ին Լիբանանի թեմի օրուան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի ձեռամբ կատարուած է հանդիսաւոր օծումը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ:
Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները
– Հոգեւոր հովիւը` Սիմէոն քհնյ. Կարապետեան:
– Թաղական խորհուրդի ատենապետը` Յակոբ Էքմեքճեան:
– 2023 թուականէն եկեղեցւոյ դպրապետն է Ֆիլիփ սրկ. Ժինեանը:
– Դպրաց դասը կը բաղկանայ շուրջ 20 սարկաւագներէ, դպիրներէ եւ դպրուհիներէ:
– Երգեհոնահարը` Սեպուհ Յովակիմեան:
– Կան ձայնամարզութիւն եւ քաղաքագիտութիւն ուսանած դպիրներ:
– Եկեղեցւոյ նախկին դպրապետերն են` Վահէ Փուջիկեանը, Գրիգոր Ահարոնեանը, Րաֆֆի Գիզիրեանը, Գէորգ Հաճեանը (արցախեան 44-օրեայ պայքարի նահատակ), Գառնիկ Գոյունեանը (այժմ` քահանայ), Սիփան եպս. Քէչէճեանը (այն ատեն` դպրեվանքի ուսանող), Գէորգ Ղազարեանը, Սարգիս Քոչիկեանը, Պօղոս սրկ. Քեսապլեանը, Գէորգ սրկ. Պեպեճեանը:
Դպրաց Դասին անուանացանկը
Ֆիլիփ սրկ. Ժինեան (դպրապետ)
Միհրան սրկ. Նիզեան
Յակոբ սրկ. Քէլէշեան
Պօղոս սրկ. Քեսապլեան
Յակոբ Ճերենեան
Գէորգ Ադամեան
Գէորգ Էքմեքճեան
Սամուէլ Քեսապլեան
Սեպուհ Յովակիմեան:
Արմիկ Քերքեզեան
Հելէն Մանուէլեան
Մարալ Շաննաքեան
Շուշիկ Տուտագեան
Սեդա Քեսապլեան
Սերին Մանուկեան
Վարդուհի Քէլէշեան
Քրիսթիան Թովմասեան:
(Շար. 3)


