Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդուժի Պատրաստութեան Կեդրոն. Դպրեվանքը

January 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռէն Նոր տարուան բարեմաղթութիւններուն հետ կը հնչեն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին 2024 տարուան մեկնարկի կոչը եւ անոր ուղեկցող հայրապետական պատգամը, որոնք իբրեւ ուղեցոյց կը ծառայեն կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող ու անոր հետ հարազատօրէն գործակցող բոլոր կառոյցներուն:

Վեհափառ հայրապետը ներկայ տարին հռչակեց «ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՏԱՐԻ». հրամայական մը, որ բոլոր ժամանակներէն աւելի, զգալիօրէն անժամանցելի պահանջ է մեր ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին համար: Նորին սրբութիւնը նոյն իր պատգամին մէջ (որ կարդացուեցաւ կիրակի, 14 յունուար 2024-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ եւ յառաջիկայ Կիրակի պիտի կարդացուի նաեւ բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս), յատուկ կերպով անդրադարձ կատարած է մարդուժ պատրաստող կառոյցներուն, որոնց շարքին, իբրեւ երրորդ շարասիւն, կարեւոր եւ արժանի տեղ կը գրաւէ դպրեվանքը: Այլ խօսքով, վեհափառ հայրապետը, հայ ընտանիքէն եւ եկեղեցիէն ետք, մարդուժի յոյժ կարեւոր կեդրոն կը նկատէ դպրեվանքը. իրողութիւն մը, որ ինքնին ապացոյց է դպրեվանքի առաքելութեան խորիմաստ ըմբռնումի արտացոլացման եւ անոր դերին կարեւորութեան մեր կաթողիկոսութեան եւ ամբողջ սփիւռքի կեանքէն ներս: Պատահական չէ, որ նորին սրբութիւնը դպրեվանքը մարդուժ պատրաստող կառոյցներու շարքին հիմնաքարերէն մէկը կը նկատէ: Կ՛արժէ անդրադառնալ սոյն կէտին մասին եւ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ հայ ընտանիքին եւ եկեղեցիին կողքին, դպրեվանքը որոշիչ դեր խաղացող կառոյց կը նկատուի:

Այս ծիրէն ներս, այստեղ կ՛ուզեմ մէջբերել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամին մէջ արձանագրուած մարդուժի պատրաստութեան կեդրոնի երրորդ կէտը, որ յատկացուած է դպրեվանքին.

«Մեր Սուրբ Աթոռի դպրեվանքին նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը: Այս ուղղութեամբ անցնող տասնամեակներուն հսկայ աշխատանք է կատարած դպրեվանքը: Արդարեւ, դպրեվանքէն անցած եւ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ մեր ազգային կեանքի հոգեւոր, կրթական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս կարեւոր ներդրում բերող մեծ թիւով անձերու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է դպրեվանքին վիճակուած եզակի առաքելութեան»[1]:

Դպրեվանքը աւելի քան 90 տարիներու մարդուժի պատրաստութեան վաստակ ունի: Եթէ ուզենք այս մէկը թուային պատկերացումով մը ներկայացնել 94 տարուան ընթացքին, կարելի է հաստատել, որ դպրեվանքը ունեցած է աւելի քան 1400 ուսանող, որոնցմէ 139 ուսանողներ կուսակրօն քահանայ, ձեռնադրուած են, իսկ այլ յատկանշական թիւ մը` ամուսնացեալ քահանայ. մնացեալը` աշխարհական գործիչներ, ուսուցիչներ, դպրապետներ եւ կամ մեր ազգին ու եկեղեցիին կեանքին զանազան բնագաւառներէն ներս ծառայողներ դարձած են: Իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ այս բոլորը, իրենց կարգին, աշխատանք տարած են մարդուժի պատրաստութեան գործին մէջ, ինքնին կը տեսնենք նուիրեալներու թիւին քառապատկումը: Պաշտօնական պատկերէն անդին` արդարօրէն պէտք է նշել, որ նոյնիսկ այն ուսանողները, որոնք տարբեր պատճառներով ստիպուած եղած են չաւարտել դպրեվանքի ուսումնական կրթական ծրագիրը, դպրեվանքէն առած  իրենց կրթութիւնն ու ոգին տարբեր ձեւերով ընծայաբերած են սփիւռքեան կամ հայրենիքի կեանքին:

Ճիշդ է, որ յաճախակի կերպով շեշտուած է դպրեվանքին ղեկավար պատրաստելու հանգամանքը, եւ կրնայ ըլլալ, որ այս մէկը շատերու համար չափազանցուած ձգտում  նկատուած է: Սակայն եթէ իրապաշտօրէն նկատի ունենանք միայն հոգեւորականներու դերը, արդէն իսկ մեր դիմաց կը պարզուին անոնց օրինակելի դերակատարութեան պատկերը եւ մեր գաղութներէն ներս անոնց գործի լայնածաւալ բնոյթը: Այս երեւոյթը ինքնին կը վկայակոչէ այս նուիրական հաստատութեան ձգտումին եւ առաքելութեան իրագործման փաստացի արդիւնքները. եւ հակառակ անոր որ եղած են պարագաներ , որոնք իրենց թերացումներով եւ կամ դպրեվանեան արժէքներու անյարիր ընթացքով պղտորած են անոր իսկական պատկերը, սակայն անոնք չեն յաջողած աղաւաղել դրական ու լիարժէքօրէն գործուն դպրեվանեան իրականութիւնը:

Այսօր սփիւռքեան մեր գաղութները տարուէ տարի կ՛աճին, անոնց հետ նաեւ կը բազմանան անոնց պահանջներն ու մարտահրաւէրները: Ամէն բանէ առաջ մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր եկեղեցիին կը նային իբրեւ իրենց պահանջները լրացնող եւ մարտահրաւէրներուն պատասխան տուող կառոյց: Այս մէկը ինքնաբերաբար դպրեվանքին հանդէպ ժողովրդային սպասումները կը բազմապատկէ եւ անոր պատասխանատուութիւնը կը ծանրաբեռնէ: Ի մասնաւորի, երբ վեհափառ հայրապետը այս տարի իր շեշտը դնէ մարդուժի պատրաստութեան վրայ` մատնանշելով դպրեվանքի առաքելութիւնը այս ծիրէն ներս, այս մօտեցումը մեզ կը մղէ  սովորականէն  դուրս գալու, մեր կարողութիւններէն վեր ու անդին մտածելու եւ  գիտակցական վերլուծումով ու անոր յաջորդող աշխատանքի պատրաստակամութեամբ պատասխան տալու այս կարգավիճակի կոչին: Իբրեւ տեսչութիւն, միաբանութիւն, ուսուցչական կազմ, Տիկնանց խորհուրդ եւ յարակից մարմիններ` ներկայ փուլին գործի կը լծուինք յաւելեալ թափով եւ կը մնանք պատնէշի վրայ` մեր աշխատանքը ի սպաս դնելով սփիւռքի հաւաքական կեանքի  կարիքներուն:

Ներկայ դրութեամբ, դպրեվանքը բազմաթիւ կարելիութիւններ կ՛ընձեռնէ հայ երիտասարդին: Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ հաստատեմ, որ դպրեվանքը հրաշք կը գործէ մարդուժի պատրաստութեան մէջ` հակառակ անոր առջեւ ծառացող բոլոր տեսակի տագնապներուն ու դժուարութիւններուն, որոնք ներկայիս կը դիմագրաւենք  Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական գաղութներէն ներս: Տասնեակ պատանիներ եւ երիտասարդներ դպրեվանք կու գան եւ հոն բոլորովին տարբեր, իւրայատուկ ոգիով ու գեղեցիկ շնորհքներով տիպար անձեր կը դառնան, որպէսզի իրենց սորվածն ու ամբարածը նուիրեն ժողովուրդին` եկեղեցւոյ ճամբով, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընծայած ծառայական բոլոր միջոցներով: Բոլոր անոնք, որոնք առիթը ունեցած են մօտէն ծանօթանալու դպրեվանքի առաքելութեան, իրենց սիրտը ձգած են այս նուիրական հաստատութեան մէջ: Իսկ անոնք, որոնք այս առիթը չեն ունեցած, դպրեվանքը գրկաբաց կ՛ընդունի զիրենք ու իրենց կը հրամցնէ իր ոգին ու անզուգական մթնոլորտը:

Վեհափառ հայրապետին պատգամը նաեւ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` իրենց ճիգերը համախմբելու դպրեվանքին շուրջ, իւրաքանչիւրը իր ձեւով կամ միջոցներով, ըլլան անոնք դէպի դպրեվանք աշակերտներու  ուղարկումով, նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ կամ այլազան ներդրումներով: Ի վերջոյ, դպրեվանքի առաքելութեան մէջ որեւէ տեսակի ներդրում կը ծառայէ ու պիտի ծառայէ սփիւռքի գաղութներու կեանքին` Լիբանանէն մինչեւ Ամերիկա եւ, ինչո՞ւ չէ, մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Եթէ կաթողիկոսութեան սիրտը` դպրեվանքը առողջ ու կայտառ է, ուրեմն կաթողիկոսութիւնը կենսունակ ու աշխուժօրէն գործուն է: Եթէ կաթողիկոսութիւնը կենսունակ եւ աշխուժօրէն գործուն է, ուրեմն սփիւռքի դաշտերը կ՛ոռոգուին քրիստոնէական հաւատքով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ: Ահաւասիկ, «Մարդուժի տարի»-ի սեմին, դպրեվանքի առաքելութեան ճանապարհորդակից դառնալու հրաւէրը կը բացուի բոլորին առջեւ, եւ այս առիթը կը յուշէ բոլորիս, որ դպրեվանքը  արժանի է  մեր ժողովուրդի զաւակներուն գուրգուրանքին, սիրոյն եւ անսակարկ աջակցութեան:

(1) Արամ Ա. կաթողիկոս, «Մարդուժի պատրաստութեան տարի – 2024», Անթիլիաս, Լիբանան, 2024, Էջ 12:

Նախորդը

Քեսապը Եւ Ջրհեղեղները

Յաջորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.