ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած են ջրհեղեղի տեսերիզներ եւ նկարներ, Աստուած խնայէ եւ պահպանէ:
Այս շաբթուան ընթացքին այս նախադասութիւնները քանիցս լսեցի եւ ջրհեղեղի մասին նման մեկնաբանութիւններ կարդացի ու մտքով շա՜տ շատ տարիներ ետ գացի:
Յուշերովս հասայ հոն, երբ տակաւին փոքր էի, հայրս կը պատմէր իր հայրերէն բերանացի լսած պատմութիւններէն, թէ ինչպէ՛ս Քեսապի մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն բաւական առաջ տեղի ունեցած է մեծ ջրհեղեղ մը, որ հին շուկայի մօտակայ տուներուն ու խանութներուն մեծ վնաս հասցուցած է: Հին շուկային դիրքը այսօրուան Քեսապի ժողովրդային ակումբին շուրջբոլոր գտնուող տարածութիւնն է:
Ժամանակին, երբ ճամբաները կուպրապատուած չէին, անձրեւի զօրաւոր տեղումները ճամբաներու ուղղութիւնները կրնային փոխել, կամ բարձունքներն ի վար քշուած քարերն ու խիճերը, երբեմն ալ ժայռերը կրնային ճամբաները փակել:
Կրնային նաեւ ձմեռնային մշակուած բանջարեղէնը անձրեւի ջուրին հետ տանիլ: Այս բոլորը վերականգնելը աշխատանք ու կամք կը պահանջէր քեսապցիներէն, որոնց կամքէն բան չէր պակսեր:
Քեսապի ջրհեղեղի` սելի (քեսապի բարբառով` հեղեղ), պատմութիւնը ճշգրիտ իմանալու համար պէտք է յայտնել, որ Քեսապ լեռնային շրջան ըլլալով տեղատարափ անձրեւին հոսքը Կասիոս լեռնէն զառիթափն ի վար կը հոսի ու մեծ արագութեամբ իրեն հետ կը բերէ խիճեր: Այդ խիճերու շարժումով քարերն ալ կը գլտորին, անոնց կը միանան ժայռերն ու պոկուած ծառերը` գլխաւոր թիրախ դարձնելով հրապարակի վրայ գտնուող խանութներն ու տուները: Հեղեղը կը սկսի վերի շուկայէն (այսօրուան փուռի զառիվերին վրայ գտնուող խանութները)` հասնելով հրապարակի խանութները:
Քեսապի շուկային առաջին կամուրջը կառուցուած է վերի շուկային կողմը: Այդ կամարաձեւ, հնամենի կամուրջը ցայսօր կը գտնուի Քեսապի հին շուկային կեդրոնը, որուն խանութներուն մէկ մասը այսօր տեղափոխուած է աւելի վար ու տարածուած` Քեսապի հրպարակին վրայ: Այդ կամուրջին երկրաչափն է հանրածանօթ Նազար Ուսթա Գարայեան, որ հեղինակ-ճարտարապետն է նաեւ Քեսապի եւ Այնթապի կաթողիկէ եկեղեցիներուն:
Երկրորդ կամուրջը կառուցուած է Քեսապի հրապարակին վրայ, որ կ՛երկարի մինչեւ Քեսապի այսօրուան գիւղապետարանը: Գետակը կը հոսի մինչեւ Էսկիւրան` անցնելով Սամասի թաղամասէն: Ետքը կը շարունակէ իր ճամբան` Լաթաքիոյ արեւելքը գտնուող մեծ գետակներուն միանալով:
1971-ի յունիս ամսուան քսանի առաւօտուն (ամառ) պատահած ջրհեղեղը քեսապցիներուն յիշողութեան մէջ ամէնէն ծանր ու վնասաբերն էր: Այդ ջրհեղեղը իր ետին ձգած է հսկայ աւերներ ու վնասներ: Ան խանութներու մէջ այդ օրերուն գտնուած հացահատիկներու տեսականին, սիմենթը, ալիւրը, անասուններու կերը եւ մանրավաճառի իրերը թրջած ու ջուրով թաղած էր, կամ ալ ջուրի զօրաւոր հոսքին հետ քաշքշած ու խանութներէն դուրս հանած էր: Շուկայի խանութպանները ջրհեղեղը հանդարտելէ ետք իրենց խանութի ապրանքներուն մնացորդացը Սամասէն, երբեմն ալ Էսկիւրանի մօտիկ պարտէզներէն գտած են:
1976-ին, կրկին ամրան ընթացքին, առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ ջրհեղեղ մը, այս անգամ հազիւ խանութներու գետինը դրուած իրերու կամ ցորենի, ալիւրի եւ ընդեղէններու քուրձէ տոպրակներուն յատակը կը թրջէ:
1990-ական թուականներու կիսուն ալ ջրհեղեղ կը պատահի, սակայն բարեբախտաբար վտակին ջուրը չի բարձրանար այնքան, որ խանութներուն վնաս հասցնէ:
Քեսապի մէջ պատահած ջրհեղեղներուն կողքին, պէտք է յիշել Գարատուրան գիւղի մէջ տեղի ունեցած ձմեռուան տեղատարափ անձրեւներու պատճառած մեծ սահանքները: Առաջինը 1937 թուականի սահանքն էր, որ կուլ տուաւ Գազազեան եւ Լնդեան թաղերը: Իսկ 23 մարտ 1998-ի սահանքը այս անգամ Սաղտճեան թաղի կարգ մը տուներն ու պարտէզները կուլ տուաւ:
Հաւանաբար Դիմատետրի էջերուն վրայ տեղադրուած նկարներու եւ տեսանիւթերուն տակ արձանագրուած վախի մեկնաբանութիւնը եւ մերձակայ խանութպաններու ու բնակարաններու բնակիչներու սարսափն ու մտահոգութիւնը հետեւանք են անոնց մտքին մէջ դրոշմուած անցեալի տարիներու ջրհեղեղին յառաջացուցած աղէտներու յիշողութեան:
Տեղատարափ անձրեւը թէեւ պարտէզներուն ու ծառերուն համար օգտակար է, բայց եւ այնպէս քեսապցիին համար մղձաւանջ կը յիշեցնէ մինչեւ այսօր:



