Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարած է, որ 2024 թուականի փետրուարին մտադիր է այցելել Քիեւ` Ուքրանիոյ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու զէնքի նոր մատակարարումները:
Ան չէ յայտնած Ուքրանիոյ մայրաքաղաք իր այցելութեան որոշակի թուականը:
Մաքրոն ըսած է, որ Ֆրանսան շուտով Ուքրանիոյ պիտի փոխանցէ շուրջ 40 ՍՔԱԼՓ հրթիռ, քանի մը հարիւր ռումբ եւ «Սեզար» ինքնագնաց հրետանիներ:
«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ Ռուսիան յաղթէ, եւ մենք պէտք չէ ատիկա ընենք, որովհետեւ Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ բոլոր դրացիներու անվտանգութիւնը կասկածի տակ պիտի դրուի», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը մեծ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Բացի ատկէ, Էմանուել Մաքրոնի համաձայն, Ֆրանսայի եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները արդէն աւարտած են անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ երկկողմանի համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքը, որ կրնայ ստորագրուիլ մօտիկ ապագային:


