Փաքիստանը երէկ հարուածներ հասցուցած է Իրանի տարածքին` պնդելով, թէ թիրախաւորած է անջատողական զինեալներ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այդ մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը` վկայակոչելով Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը:
«Հետախուզութեան տուեալներու հիման վրայ իրականացուած գործողութեան ընթացքին սպաննուած են քանի մը ահաբեկիչներ», յայտնած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ անոնք եղած են խիստ համակարգուած եւ ճշգրիտ հարուածներ ահաբեկիչներու թաքստոցներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Փաքիստանը «լիովին կը յարգէ Իրանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը»:
«Այսօրուան գործողութեան միակ նպատակը Փաքիստանի սեփական անվտանգութեան ու ազգային շահերու հետապնդումն էր», աւելցուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Փաքիստանի հետախուզութեան մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան աղբիւրը յայտնած է, որ հարուածները հասցուած են ռազմական ինքնաթիռով` թիրախաւորելով Իրանի մէջ գործող պելուճ զինեալները:
Թեհրանը Փաքիստանէն պահանջած է անյապաղ պարզաբանումներ ներկայացնել Իրանի Սիսթան եւ Պելուճիստան նահանգին վրայ իրականացուած հրթիռային յարձակումներուն վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այդ մասին կը հաղորդէ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
Կը Նշուի, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Փաքիստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը, քանի որ Իսլամապատը տուն կանչած էր Թեհրանի մէջ իր դեսպանը աւելի կանուխ Իրանի կողմէ Փաքիստանին հասցուած հարուածներու պատճառով:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փաքիստանի ռմբակոծումին զոհ գացած է 9 հոգի` 3 կիներ եւ 4 երեխաներ:


