Այսօր կը սկսի Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ, Ռիատի, Պէյրութ Ֆըրսթ եւ Սաժես (Լիբանանէն):
Բ. խմբակին մաս կազմող Պէյրութ Ֆըրսթ բացման մրցումին պիտի մրցի Լիպիոյ Ահլի Թրիփոլիին դէմ:
Ահլի վերջին 5 օրերուն ձեռք ձգեց 3 օտար մարզիկներ, որոնց կարգին ՀՄԸՄ-ի փոյնթ կարտ Ուոլթըր Հոճ, եւ ամերիկացիներ Նիք Ուեսթ եւ Տոնթէ Ինկրամ: Խումբին մարզիչն է տարիներու փորձառութիւն ունեցող լիբանանցի Ֆուատ Ապու Շաքրա, անիկա կը գրաւէ Լիպիոյ ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը:
Հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ այս տարուան Տուպայի մրցաշարքին այն առումով, որ անցեալ տարուան ֆիլիփինեան Մայթի Սփորթց խումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարբեր անունով` Սթրոնկ Կրուփ Աթլեթիքս, եւ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի մաս կազմած Բ. խմբակին:
8 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Օլ Սթար» մրցումներու մասնակցած Տուայթ Հաուըրտ, որ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ 2020-ին ախոյեան ալ հանդիսացած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մաս պիտի կազմէ ֆիլիփինեան կազմին:
Հաուըրտ, որ 2,08 մեթր սենթըր է, 38 տարեկան է, բայց 2004-էն 2022 «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ մեծ դեր ունէր եւ լաւագոյն սենթըրներէն էր: Ան երկար ժամանակ խաղցած է Օրլանտօ Մեճիքի հետ եւ մաս կազմած Լէյքըրզի, Հիւսթըն Ռոքեթցի, Աթլանթա Հոքսի, Չարլոթ Հորնեթցի, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի եւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի:
Հաուըրտի կողքին կան «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին 2 այլ մարզիկներ` Անտրէ Պլաչ եւ Անտրէ Ռոպըրսըն:
Վաղը ժամը 13:15-ին, ՀՄԸՄ պիտի սկսի իր մրցումները Ահլի Թրիփոլիի (Լիպիա) դէմ մրցումով:
Մեր յաջորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի ժամը 17:15-ին` ֆիլիփինեան Սթրոնկ Կրուփ Աթլեթիքսի դէմ, ապա երկուշաբթի օր նոյն ժամուն (17:15-ին)` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին դէմ:
4-րդ մրցումը պիտի ըլլայ «զուտ լիբանանեան», ուր ՀՄԸՄ պիտի մրցի Պէյրութի դէմ չորեքշաբթի, 24 յունուարին, ժամը 17:15-ին, իսկ հինգշաբթի 5-րդ մրցումը` Սուրիոյ Ուահտէ խումբին դէմ, ժամը 17:15-ին:
Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ արդիւնք ձեռք ձգելով անցնին քառորդ աւարտական եւ աւելի բարձր դիրքեր` այս ձեւով փորձառութիւն շահելով աւելի լաւ շարունակելու համար Լիբանանի ախոյեանութիւնը:


