Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գծով երեք մրցումներ կային յայտագիրին վրայ, Արիզոնայի մէջ: Ֆէօնիքս Սանզ իր դաշտին վրայ ետ կը մնար ամբողջ մրցումի ընթացքին Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ, եւ պահ մըն ալ 22 կէտի հասած էր Քինկզի առաւելութիւնը: Այդ մասին վերջին բաժինը շատ վճռական էր: Արդարեւ, 22 կէտի առաւելութիւն ունեցող Քինկզ մրցումի աւարտին 8:22 վայրկեան մնացած «սառեցաւ» եւ Ֆէօնիքսի «Արեւը» փայլեցաւ: Արդարեւ Ֆէօնիքս 23-4 արդիւնքով գերազանցեց Քինկզի եւ յաղթեց վերջին երկվայրկեանին:
Քեւըն Տիւրենթ 2 ազատ հարուածի յաջողութեամբ նշանակեց, երբ 1,8 երկվայրկեան կար ժամացոյցի վրայ` արդիւնքը դարձնելով 119-117:
Կրէյսըն Էլըն 9 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, եւ ընդամէնը 29 կէտ: Տիւրենթ 27 կէտով աւարտեց մրցումը եւ ըսաւ. «Բնաւ գաղափար չունիմ: Ընդհանրապէս գիտեմ մրցումը ինչ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, բայց կարծես ամէն ինչ պղտոր էր: Շատ արագ պատահեցաւ ամէն ինչ: Կարծես բոլորս մէկ տեղ մնացած էինք եւ կը նշանակէինք ամէն դիրքէ: Իրենք խումբ մըն են, որ արագ յարձակումներով կը շարժէր, բայց երբ իրենց արգելք կենաս, կը դառնան ուրիշ խումբ: Սապոնիսի վրայ ճնշեցինք քիչ մը աւելի: Շատ ձեւերով սքրին ըրինք եւ մէկի դէմ մէկ խաղցանք, եւ յաջողեցանք»:
Տեւըն Պուքըր 16 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, Պրետլի Պիլ աւելցուց 13 կէտ, մինչ սենթըր Եուսուֆ Նուրքիչ 10 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 15 ռիպաունտ ի նպաստ Ֆէօնիքսի:
Միւս կողմէ, Տոմանթաս Սապոնիս իր 11-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց (21 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ) այս եղանակի ընթացքին: Իր 23-րդ յաջորդական մրցումն էր, որուն ընթացքին տապըլ տապըլ կ՛արձանագրէր` իր 36-րդ (եղանակի առաւելագոյն) տապըլ տապըլը:
Քինկզի մարզիչ Մայք Պրաուն ըսաւ. «Վատ ձեւ էր պարտուելու… Իրենք շատ լաւ էին: Մենք 42 վայրկեան լաւ խաղցանք, բայց վերջին 6 վայրկեաններուն չկրցանք մեր խաղաոճը շարունակել:
Չէինք կրնար նշանակել եւ չէինք կրնար գնդակը դարձնել, զարմանալի բան պատահեցաւ, շատ գնդակներ կորսնցուցինք»:
Ֆիլատելֆիայի մէջ, տեղւոյն 76-ըրզը հիւրընկալեց ախոյեան Տենվըր Նակեթցը: Երկու «հսկաներու ճակատումին» Ժոել Էմպիիտ կրցաւ գերազանցել Նիքոլա Եոքիչին:
Մրցումէն ետք Էմպիիտ Եոքիչին յայտնեց, թէ ան (Եոքիչ) լաւագոյն մարզիկն է «Էն. Պի. Էյ.»-ի: Էմպիիտ 41 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց իր խումբը առաջնորդելով 126-121 արդիւնքով յաղթանակի մը` Նակեթցի վրայ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին 2 «Էմ. Վի. Փի.»-ներու ճակատումին:
Եոքիչ նշանակեց 25 կէտ եւ 19 ռիպաունտ: «Հաճելի եւ ծիծաղելի է, որովհետեւ «Թուիթըր»-ի վրայ, Ֆիլիի եւ Տենվըրի համակիրներ պատերազմի մէջ են: Ծիծաղելի է, որովհետեւ երկուքս ալ կ՛ըսենք` որո՞ւ հոգն է այս բոլորը: Պարզապէս կ՛ուզենք պասքեթպոլ խաղալ եւ յաղթել: Բայց կ՛արժէ «Էմ. Վի. Փի.» տիտղոսը: Նաք-աութ եթէ չընես իրեն կը մնայ լաւագոյն մարզիկը: Մինչեւ այն պահը, որ աւարտականի «Էմ. Վի. Փի.» տիտղոսը հետն է, կը մնայ լաւագոյնը», ըսաւ Էմպիիտ: «Բայց ես ինծի ալ կը հաւատամ, թէ ինչի կարող եմ»:
Թայրիս Մեքսի 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի եւ Թոպիաս Հերիս աւելցուց 24 կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Քլիփըրզ շնորհիւ Փոլ Ճորճի հերոսութիւններուն կրցաւ արձանագրել իր 9-րդ յաղթանակը` 11 մրցումներու ընթացքին, յաղթելէ ետք Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի:
Փոլ Ճորճ իր 38 կէտերուն 18-ն նշանակեց 4-րդ մասին: Քուայ Լենըրտ եւ Ճէյմս Հարտըն 16-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Քլիփըրզի, որուն պատասխանատու Ատամ Սիլվըր յայտարարեց, թէ 2026-ի «Օլ Սթար» խաղը տեղի պիտի ունենայ Քլիփըրզի կառուցուող մարզադաշտին վրայ` Ինկըլվուտի մէջ, ուր Քլիփըրզ պիտի կատարէ իր խաղերը յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ:
Ճէյլըն Ուիլիըմզ նշանակեց 25 կէտ, Լու Տորթ եւ Շէյ -Կիլճիըս Ալեքսանտր աւելցուցին 19-ական կէտեր ի նպաստ Թանտըրի, որ արեւմտեան լաւագոյն 2-րդ դասուած խումբն է:


