Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը այս շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսիա` քննարկելու կազային հանգոյցի նախագիծի մանրամասնութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով ուժանիւթի նախարարութեան աղբիւրին:
«Այս տեսչական այցելութեան արդիւնքներով կ՛ակնկալուի, որ պիտի պատրաստուի ծրագիրի իրականացման գործողութիւններու օրացոյց եւ պիտի արագացուի աշխատանքը», լրագրողներուն ըսած է աղբիւրը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 2022 թուականի հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց ստեղծելու նախաձեռնութիւն կատարած էր: Ռուսիոյ ղեկավարին համաձայն, նման հանգոյցը կրնայ հարթակ դառնալ այլ երկիրներ, մասնաւորաբար Եւրոպա կազի մատակարարման համար:
2023 թուականի նոյեմբերին Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք յայտարարած էր, որ Մոսկուան եւ Անգարան շուտով կրնան համաձայնութեան գալ հանգոյցի ճամբու քարտէսի շուրջ:


