Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, որ Փարիզ չմասնակցեցաւ Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած յարձակումներուն, որովհետեւ կ՛ուզէ շրջանային մագլցումէն խուսափիլ:
Մաքրոն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Կարմիր ծովուն մէջ Ֆրանսայի մօտեցումը պաշտպանական է, եւ Փարիզ յանձնառու պիտի մնայ այդ կեցուածքին:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը հուսիները վերստին յատուկ կերպով նշուած համաշխարհային ահաբեկիչներու ցանկին վրայ ներառէ:
Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ «Պլումպըրկ»-ին յայտնած են, որ ամերիկա-բրիտանական յարձակումները «ժամանակաւորապէս կտրեցին Իրանէն անոնց մատակարարման ուղիները»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Եմէնի եւ շրջանի այլ երկիրներու ժողովուրդները, որոնք կը պաշտպանեն պաղեստինցի ժողովուրդը, կը գործեն իրենց սեփական փորձառութեան համապատասխան եւ մեկնելով իրենց սեփական շահերէն, եւ անոնք մեզմէ ոչ մէկ հրաման կամ ցուցմունք կը ստանան»:
Ապտոլլահեան նաեւ ընդգծած է, որ անվտանգութիւնը Կարմիր ծովուն մէջ կարեւոր է նաեւ Իրանի համար:


