Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Քայրի 42 Կէտ Նշանակեց, Եւ Այս Անգամ Տալաս Յաղթեց Նիւ Օրլինզին

January 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քայրի Ըրվինկ միշտ ներկայ կ՛ըլլայ Տալաս Մեւրիքսի հետ, երբ կարիքը զգացուի իր հերոսութիւններուն: 3-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով առանց Լուքա Տոնչիչի, որ կրունկի ցաւէ կը տառապի, Տալաս կրցաւ Քայրիի հետ զոյգ մը գտնել Թիմ Հարտըուէյի մէջ. անոնք միասնաբար 83 կէտեր նշանակեցին:

Տալաս, որ Նիւ Օրլինզի դէմ 110-118 արդիւնքով պարտուած էր, կրցաւ 125-120 արդիւնքով յաղթել այս անգամ: Փելիքընզի հարցը ազատ հարուածներն էին, մանաւանդ Զայըն Ուիլիըմսընի պարագային, որ 11 ազատ հարուածներէն միայն 6-ն կրցաւ նշանակել, մանաւանդ մրցումի աւարտէն 17 երկվայրկեան առաջ, երբ կորսնցուց 2 ֆաուլերը, երբ կարելի էր հաւասարիլ Տալասի հետ (եթէ նշանակէր): Փելիքընզ ազատ հարուածներուն 41-էն 31-ը կրցաւ նշանակել միայն:

Սի. Ճէյ. Մըքոլըմ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փելիքընզի, որ օր մը առաջ, առանց Զայընի, Սի. Ճէյի եւ Պրենտըն Ինկրամի կրցած էր յաղթել Տալասին:

Զայըն Ուիլիըմսըն 30 կէտ նշանակեց, մինչ Ինկրամ` 12 կէտ: Քայրի Ըրվինկ 42 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ, մինչ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր 41 կէտ նշանակած էր` նշանակելով 9 հատ 3 կէտնոց կողովներ:

Տերեքլայվլի 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 112-105 արդիւնքով յաղթեց Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի` շնորհիւ Անթոնի Տէյվիսի (27 կէտ եւ 15 ռիպաունտ) եւ Լըպրոն Ճէյմսի (25 կէտ) հերոսութիւններուն:

Անթոնի Տէյվիսի նման տապըլ տապըլ մը իրագործեց նաեւ Պոսթըն Սելթիքսի մարզիկ Ճէյսըն Թէյթըմ (19 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ իր խումբը յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի` 105-96 արդիւնքով:

Նիքոլա Վուչեվիչի տապըլ տապըլ (17 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) բաւարար չէր, որ Շիքակօ Պուլզ յաղթէ: Քլիվլենտ Քեւելիրզ կրցաւ 109-91 արդիւնքով յաղթելով Շիքակոյին:

Վիքթոր Ուեմպանեամա իր կարգին տապըլ տապըլ իրագործեց (26 կէտ եւ 13 ռիպաունտ), սակայն Սան Անթոնիօ Սփըրզ 109-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլանթա Հոքսէն, որուն աստղերէն Թրէյ Եանկ տապըլ տապըլ իրագործեց (36 կէտ եւ 13 էսիսթ):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 124-115
Տալաս Մեւրիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 125-120
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 117-129
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք 94-98
Աթլանթա Հոքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 109-99
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-107
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Շիքակօ Պուլզ 109-91
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 96-105
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ 95-96
Եութա Ճեզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 132-105
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 112-105

 

 

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 133-Ամեակ. ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադրումը 1890-ի Ամրան

Յաջորդը

Ժոզէ Մուրինիօ Պաշտօնանկ Եղաւ. Տը Ռոսի Փոխարինեց Զինք

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Սփինիզ Պէյրութ Մարաթոն»-ը`  29 Նոյեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Սփինիզ Պէյրութ Մարաթոն»-ը` 29 Նոյեմբերին

October 20, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական

October 20, 2026
Մարմնամարզութիւն.  4 Հայ Մարզիկներ Հասան Աշխարհի  Աւարտական Մրցաշարք
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. 4 Հայ Մարզիկներ Հասան Աշխարհի Աւարտական Մրցաշարք

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.