Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը Կը Յայտնէ, Որ Դամասկոս Անանի Ծրագիրը Գործադրելու Սկսած Է

April 4, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմետ Ֆաուզի

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի երէկ յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին ՄԱԿ-էն խմբակ մը Սուրիա ուղղուի` դէտերու տեղակայման ծրագիրը պատրաստելու համար: Ան նշեց, որ այդ խմբակը հինգ կամ վեց անձերէ պիտի բաղկանայ:

Բանբերը նշեց, որ այս քայլը կ՛իյնայ Անանի կողմէ Սուրիոյ իշխանութեանց առաջարկուած եւ Դամասկոսի կողմէ ընդունուած վեց կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրի ծիրին մէջ: Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան պահպանման ուժերը, որոնք դիտորդական առաքելութիւն պիտի կատարեն, բաղկացած պիտի ըլլան 200-250 անզէն անձերէ, սակայն ատիկա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի մը կարիքը պիտի ունենայ:

Սուրիա նախապէս խոստացած էր իր զինուորական բոլոր ուժերը մինչեւ 10 ապրիլ հեռացնել սուրիական գիւղերէն եւ քաղաքներէն, այդպիսով ճամբան հարթելով այդ պայմանաժամէն ետք մինչեւ երկու օր ընդդիմադիր զինեալներու հետ զինադադարի հաստատման:

Ֆաուզի ըսաւ, որ «Անան երախտապարտ է ռուսական եւ չինական զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ իր ծրագիրին աջակցութեան եւ անոր գործադրութեան երաշխաւորման հարցով Ապահովութեան խորհուրդին անգամ մը եւս ցուցաբերած միասնականութեան համար»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ապահովութեան խորհուրդը քննադատեց մինչեւ հիմա Սուրիոյ հարցով որոշում մը չորդեգրելուն համար եւ ըսաւ, որ խորհուրդը իր այս կեցուածքով անուղղակի կերպով արիւնալի բռնաճնշումներուն կ՛աջակցի:

Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին աւելցուց, որ ձեռնածալ մնալ` մինչեւ որ սուրիացի ժողովուրդը ամէն օր սպաննուի, այդ արարքներուն զօրակցութիւն է:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ Պոլսոյ մէջ կիրակի օր գումարուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը սուրիական վարչակարգին ուղղեց այն պատգամը, թէ Անանի առաքելութիւնը անժամկէտ չէ եւ անոր նախաձեռնութեան կէտերը գործադրելու համար որոշ ժամանակացոյց մը գոյութիւն ունի:

ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն դիւանագէտներ «Պի. Պի. Սի.»-ին հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա աշխատանք կը տանին Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք նոր բանաձեւ մը պատրաստելու` վաւերացնելու համար 10 ապրիլի պայմանաժամը, եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կը զգուշացնեն, որ եթէ Անանի ծրագիրին նկատմամբ իր յանձնառութիւնները չկատարէ, խորհուրդը «այլ միջոցառումներ» պիտի որդեգրէ:

Դիւանագէտները նշեցին, որ այդ բանաձեւին շուրջ բանակցութիւնները այսօր տեղի պիտի ունենան, իսկ քուէարկութիւնը` հինգշաբթի օր, եթէ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կողմէ անոր նկատմամբ առարկութիւններ չըլլան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովին յայտնած է, որ Դամասկոս Անանի ծրագիրը գործադրելու սկսած է: Ըստ հաղորդագրութեան, Պոկտանով գոհունակութիւն յայտնած է սուրիական կառավարութեան որոշումին առնչութեամբ եւ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղած կառավարութեան օրինակին հետեւելու:

Ռուսական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ յայտնած է, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին դէմ Պոլսոյ մէջ սուրիացիներուն կատարած ցոյցը, որ թրքական ոստիկանութեան կողմէ ցրուուեցաւ, ցոյց կու տայ, թէ բոլոր սուրիացիները չեն, որ այդ խմբակը «իրենց բարեկամ» կը նկատեն` նշելով, որ սուրիական իշխանութիւնները պատրաստ են Անանի ծրագիրը գործադրելու, իսկ խորհրդաժողովին կողմէ տրուած` Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները խստացնելու որոշումը այդ ծրագիրին գործադրութեան չ՛առաջնորդեր:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Ճէյքըպ Քալինպըրկըրի հետ: Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, Մոալլեմ յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է «իր մարդասիրական առաքելութեան ծիրին մէջ Միջազգային կարմիր խաչին պէտք եղածը ապահովելու` համակարգաբար Սուրիոյ Կարմիր մահիկին հետ»:

Քալինպըրկըր հանդիպում ունեցած է նաեւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաարի հետ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։