Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Կուսանաց Յիշատակումը` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

April 4, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւագ երեքշաբթի, 3 ապրիլ 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող` Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութեան:

Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կ՛ունենար, տասը հայ աղջիկներ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, Մայր տաճարի դասին մէջ կանգնեցան: Անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք, որոնք «յիմար» կարդացին, մարեցին զանոնք` խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը: Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման` Տիրոջ գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները` անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով եւ իրենց առօրեան կ՛ապրին հեռու` քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն:

Եկեղեցին Քրիստոսի պատմած առակին ճամբով կը յիշեցնէ աշխարհին` հետեւելու իմաստուններու իմաստուն ճամբուն:

Արարողութեան աւարտին, տասը կոյսերը Մայր տաճարի օգնական լուսարարապետ Պետրոս աբղյ. Մանուէլեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: Այս առիթով վեհափառը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց մայրենի եկեղեցին ու գործադրել աւետարանական պատգամները: Վեհափառը նաեւ շեշտեց հայ եկեղեցին, հայ տունը, հայ դպրոցը եւ հայ մշակոյթը իրենց կեանքին մէջ ներկայ պահելու ու անոնց ոգիով ու շունչով կազմաւորուելու հրամայականը:

 

 

 

Նախորդը

«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.» 37 Միլիոն Դրամի Ներդրում Պիտի Կատարէ Հայաստանի Կրթութեան Մարզին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։