Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղատարափ Անձրեւներուն Պատճառով Տարբեր Շրջաններու Մէջ Գետերը Յորդեցան Եւ Հողային Սահանքներ Արձանագրուեցան

January 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբթուան կէսէն սկսած անձրեւները շարունակեցին տեղալ նաեւ շաբաթավերջին:

Տեղատարափ անձրեւները պատճառ դարձան, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ գետերը յորդին եւ հողային սահանքներ արձանագրուին:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամբողջ շաբաթավերջին փրկարար աշխատանքներու ընդմէջէն կրցան փրկել հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնց բնակարանները, աշխատատեղիներն ու վաճառատուները ողողումներու ենթակայ դարձած էին:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը աշխատեցան բանալ նաեւ հողային սահանքներուն պատճառով փակուած ճամբաները:

Լեռնային շրջաններուն, ինչպէս` Թարշիշի, Պքասինի, Աննայայի, Լաքլուքի, Ույուն Սիմանի եւ Սաննինի մէջ, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փրկեցին կարգ մը քաղաքայիններ, որոնք ձիւներով շրջափակուած էին եւ փոխադրութեան անկարելիութեան դիմաց կը գտնուէին:

Պէյրութի գետը դարձեալ յորդեցաւ` պատճառելով Քարանթինայի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ ողողումներ:

Յորդեցաւ նաեւ Անթիլիասի գետը` փակելով քաղաքացիներուն երթեւեկը:

Աքքարի, յատկապէս Ապտէի, Մընիէի, Պըտտաուիի, Սըմմաքիէի եւ Ուատի Խալետի շրջանին մէջ արձանագրուեցան ողողումներ, որոնք նիւթական հսկայական վնասներ պատճառեցին:

Ողողումներուն հիմնական պատճառը Քապիր գետին յորդիլն էր:

Խալտէի մէջ նաեւ քաղաքայիններ բանտարկուեցան իրենց ինքնաշարժներուն մէջ` նկատի ունենալով մայրուղիին ողողումները:

Տեղատարափ անձրեւները պատճառեցին նաեւ հողային սահանքներ, որոնց պատճառով երէկ յետմիջօրէին որոշ ժամանակի մը համար փակուեցաւ Տահր Պայտարի միջազգային ճամբան, ինչպէս նաեւ փակուեցան Շուֆի, Ռամլիէի, Քարամ Մահր-Տըննիէի, Մեթնի արագ մայրուղին եւ այլ շրջաններու ճամբաներ:

Հողային սահանքներուն պատճառով Ժալ էլ Տիպի մէջ երկու շէնքեր դատարկուեցան իրենց բնակիչներէն` նկատի ունենալով փուլ գալու հաւանականութեան վտանգը:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին Բուռն Թափով

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Պատերազմէն Չենք Վախնար Եւ Առանց Կանոններու Պիտի Կռուինք, Իսկ Իսրայէլ Ինք Պէտք Է Վախնայ Պատերազմէն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.