Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Պատերազմէն Չենք Վախնար Եւ Առանց Կանոններու Պիտի Կռուինք, Իսկ Իսրայէլ Ինք Պէտք Է Վախնայ Պատերազմէն»

January 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի Խըրպեթ Սըլըմ գիւղաքաղաքին մէջ երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, նուիրուած` նահատակ Ուիսամ Թաուիլի:

Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Թաուիլի արժանիքներուն եւ յատկանիշներուն` իբրեւ զինուորական ղեկավար:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլ խորունկ փոսի մը մէջ ինկած է եւ կատարեալ ձախողութիւն կ՛ապրի, որովհետեւ Կազայի դէմ պատերազմի առումով իր ճշդած նպատակներէն ոչ մէկը կրցած է իրագործել:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ամերիկեան եւ սիոնական բոլոր սպառնալիքները չեն վախցներ Դիմադրութիւնը` նկատել տալով, որ թշնամի Իսրայէլ սարսափած եւ յոգնած ջոկատներով կը սպառնայ:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլ մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ իր կրած պարտութեան, վնասներուն, նահատակներուն եւ վիրաւորներուն յստակ թիւերուն ճշմարտութիւնը թաքցնելու, որպէսզի իսրայէլացիները բարոյական հսկայ յուսալքում մը չապրին:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա 99 օրէ ի վեր պատրաստ է պատերազմելու: «Մենք պատերազմէն չենք վախնար եւ առանց կանոններու պիտի կռուինք, իսկ Իսրայէլ ինք պէտք է վախնայ պատերազմէն», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ Կազայի ցուցաբերած Դիմադրութեան, որուն շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ 100 օրէ ի վեր Կազան կը դիմադրէ, իսկ անոր ժողովուրդը առասպելական կերպով կը գոյատեւէ` պատմութեան մէջ անկրկնելի երեւոյթով մը:

Ան խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ ժխտումը, թէ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին կատարածը հաւաքական ցեղասպանութիւն է` աւելցնելով, որ իսրայէլացիները քաջ գիտեն, որ իրենց կառավարութիւնը անատակ է, եւ կը փափաքին փոփոխութեան ենթարկել զայն ու երկրին վարչապետը, «եւ ասիկա ձախողութիւնը ընդունելու քայլ մըն է: Իսկ եթէ Կազայի, Այսրյորդանանի, Լիբանանի, Եմէնի եւ Իրաքի դէմ ճակատները նոյնպէս շարունակուին, ապա թշնամիին կառավարութիւնը պիտի ընդունի Դիմադրութեան պայմանները», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Եմէնի դէմ ամերիկեան-բրիտանական ռմբակոծումները անմտութիւն են եւ կը միտին Կարմիր ծովը մարտադաշտի վերածել: Ան աւելցուց, որ եմէնցիները իրենք կ՛որոշեն, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանեն այդ ռմբակոծումին:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը աւարտեց նկատել տալով, որ հարաւային Լիբանանի ճակատը ստեղծուած է` զօրակցելու համար Կազային եւ դադրեցնելու համար անոր վրայ կատարուած յարձակումը:

Ան նշեց, որ շրջանին մէջ բոլոր զարգացումները ուղղակիօրէն կապուած են Կազայի դէմ բռնարարքներու կասեցումին: «Նախ եւ առաջ Կազայի դէմ պատերազմը կասեցուցէք, եւ ապա կարելի է ամէն բանի մասին խօսիլ», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

 

 

Նախորդը

Տեղատարափ Անձրեւներուն Պատճառով Տարբեր Շրջաններու Մէջ Գետերը Յորդեցան Եւ Հողային Սահանքներ Արձանագրուեցան

Յաջորդը

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակը Յունուարի Աւարտին Պիտի Գումարէ Ժողով Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.