Ռոպերթ Լեվանտովսքի եւ Լամին Եամալ երկրորդ կիսախաղին երկու կոլեր նշանակեցին, եւ Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Օսասունայի դէմ:
Այս ձեւով Պարսելոնա Քլասիքօ մը եւս աւելցուց այս եղանակին, եւ վաղը պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ, որ իր կարգին 5-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր Աթլեթիքօ Մատրիտը: Ասիկա անցեալ տարուան գերբաժակի կրկնութիւնը պիտի ըլլայ, ուր Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթական դուրս գալ:
Պարսելոնա գնդակին վրայ իշխած էր Օսասունայի դէմ բաւական «անհամ» առաջին կիսախաղին, ուր որեւէ խումբ չկրցաւ առիթ ստեղծել:
Լեվանտովսքի քիչ մը աւելի լաւ ձեւով կրնար օգտուիլ երկու առիթներով, բայց Օսասունայի ինքնավստահ բերդապահ Սերխիօ Հերրետա կրցաւ զսպել: Մինչեւ 59-րդ վայրկեան, Կիւնտողանի փոխանցումէն օգտուելով, Լեվանտովսքի կրցաւ մրցումին հաշիւը բանալ, եւ Պարսելոնա սկսաւ աւելի լաւ խաղալ:
Հակառակ Օսասունայի մարզիկներուն գանգատներուն, ՎԱՐ-ը հաստատեց կոլը: Օսասունայի մարզիկները կ՛առարկէին, թէ Պարսելոնայի յետսապահ Անտրէաս Քրիսթենսըն ֆաուլի ենթարկած է Խոսէ Արնայիսը, Պարսելոնայի հակայարձակումը չսկսած:
Լեվայի կոլէն ետք, Չաւի դաշտ ներկայացուց Ժոաօ Ֆելիքսը, եւ փորթուգալցի յառաջապահը «աշխուժացուց» ամբողջ խումբը:
Ֆելիքս վերջին վայրկեանին ձեռնարկեց հակայարձակումի մը, եւ փոխանցեց Լամին Եամալի, որ նշանակեց աւարտականի հասնելու կոլը:
Չաւի ըսաւ. «Աւարտական մրցում չես խաղար, այլ կը յաղթես: Կ՛ուզենք մրցիլ խումբի մը դէմ, որ շատ լաւ տեսայ Աթլեթիքոյի դէմ մրցումին: Թեկնածու չկայ այս մրցումին «Էլ Քլասիքօ» է: Յուսանք, որ աւարտականը ի նպաստ մեզի կ՛ըլլայ անցեալ տարուան նման: Մենք այժմու ախոյեանն ենք եւ առնուազն պիտի վայելենք մրցումը»:


