«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս առանց Լուքա Տոնչիչի կրցաւ 128-124 արդիւնքով յաղթել Նիւ Եորք Նիքսին:
Քայրի Ըրվինկ, որ մօտ ամիս մը բացակայելէ ետք վերադարձած է լաւ վիճակով, կրցաւ 44 կէտ նշանակել, մինչ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր աւելցուց 32 կէտ ի նպաստ վիրաւորներով «հարուստ» Տալասի:
Ըրվինկ 20 կէտ նշանակեց 3-րդ մասին, եւ Տալաս կը յաղթէր 115-96 արդիւնքով մրցումի աւարտէն 7 վայրկեան առաջ, սակայն Նիւ Եորք մօտեցաւ 121-120-ի` 1,08 վայրկեան մնացած:
Ճոշ Կրին 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց աւարտէն 25 երկվայրկեան մնացած` նշանակելով իր 18-րդ կէտը, եւ 3 յաջորդական ռիպաունտներ հաւաքեց` 124-120 դարձնելով արդիւնքը:
Քայրի եւ Հարտըուէյ 4 ազատ հարուածներ նշանակեցին 11,1 երկվայրկեան մնացած` ամրապնդելով յաղթանակը:
Ճուլիըս Ռենտըլ (32 կէտ) եւ Ճելըն Պրունսըն (30 կէտ) եղան Նիւ Եորք Նիքսի լաւագոյն մարզիկները:
Միլուոքի Պաքս հիւրընկալեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող Պոսթըն Սելթիքսը: Վերջերս ոչ շատ լաւ ելոյթներ ունեցող Միլուոքի այս տարեշրջանի իր լաւագոյն մրցումը ունեցաւ եւ 135-102 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Միլուոքի մրցումի սկիզբէն աւարտ եղաւ լաւագոյնը, եւ կէտերու տարբերութիւնը պահ մը 43-ի ալ հասաւ: Պոսթըն քիչ մը կորսուած վիճակ ունէր, հակառակ անոր որ Ճէյսըն Թէյթըմ մասնակցեցաւ մրցումին կարճ ժամանակով:
Եաննիս Անթեթոքումփօ եւ Պոպի Փորթիս տապըլ տապըլ կատարեցին: Եաննիս 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փորթիս` 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Տեմիըն Լիլըրտ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պաքսի: Փէյթըն Փրիչըրտ 21 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, որ իր 9-րդ պարտութիւնը կրեց 38 մրցումներու ընթացքին: Պաքս 26-րդ յաղթանակը տօնեց 38 մրցումներու ընթացքին:
Այլ հետաքրքրական մրցումի մը, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 127-109 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆէօնիքս Սանզէն:
Պրետլի Պիլ 37 կէտ նշանակեց ներառեալ (8 հատ 3 կէտնոց կողովներ), Տեւըն Պուքըր 31 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆէօնիքսի, որուն թիւ 1 աստղ վեթերան Քեւըն Տիւրենթ 18 կէտ նշանակեց` իր փափաքները իրականացնելով: Տիւրենթ մրցումէն առաջ իր խմբակիցներէն խնդրած էր քիչ մը աւելի 3 կէտնոց կողովներ նշանակել եւ Տեւըն Պուքըրին յանձնարարած, որ աւելի կարծր ըլլայ: Տիւրենթի 2 խրատներն ալ իրենց արդիւնքը տուին:
Լըպրոն Ճէյմս (10 կէտ եւ 9 էսիսթ) եւ Անթոնի Տէյվիս (13 կէտ) շատ լաւ ելոյթ չկրցան ունենալ պայքարող Ֆէօնիքսի դէմ, որ կրցաւ իր 20-րդ մրցումը յաղթել 38 ելոյթներու ընթացքին, մինչ Լէյքըրզ կրեց իր 20-րդ պարտութիւնը` 39 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Պրուքլին Նեթց 111-102
Միլուոքի Պաքս – Պոսթըն Սելթիքս 135-102
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 139-77
Տալաս Մեւրիքս – Նիւ Եորք Նիքս 128-124
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ֆէօնիքս Սանզ 109-127


