Այսօր, Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը պիտի մրցի Հուփսի դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի գծով մրցումին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար Հուփսի վարչութիւնը իրաւասութիւն տուած է ներկայ գտնուելու դաշտ` մուտքի սակագին որոշելով 10 ամ. տոլար: Համակիրները կրնան ներկայ ըլլալ տեսնելու նոր օտար փլէյմէյքըրը` Զեք Լոֆթընը, որ փոխարինեց Ուոլթըր Հոճը, որ այս տարեշրջանին շատ լաւ ելոյթներ չկրցաւ ունենալ ՀՄԸՄ-ի շապիկով:
Երթին Մըզհերի մէջ 92-79 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ, պիտի փորձէ կրկնել յաղթանակը` Տուպայ չմեկնած:
Էլայճա Հոլմըն, որ տակաւին մէկ մրցում կատարեց ՀՄԸՄ-ի շապիկով, աւելի լաւ վիճակով պէտք է ներկայանայ այժմ, որովհետեւ խիստ փորձերու կը հետեւի 10 օրէ ի վեր:
Միասնաբար, Տուէյն Ճեքսըն, Զեք Լոֆթըն, Էլայճա Հոլմըն, Ժերար Հատիտեան, Կերի Չիւիչեան, Ժատ Խալիլ, Կապրիէլ Աճեմեան, Ճիմի Սալեմ, Թանիոս Աքիքի, Սերուժ Աւետիսեան, Միհրան Պէրպէրեան եւ Գէորգ Գէորգ պէտք է իրենց կարելին տան «Ֆայնըլ 4-»-ի հասնելու համար: Քանի վայրկեան որ ներկայանան դաշտ, որեւէ մարզիկ պատասխանատու պէտք է զգայ եւ իր կրած շապիկին արժէքը տայ:
Նշենք, որ այս մրցումէն ետք, խումբը պիտի մեկնի Տուպայ` մասնակցելու Տուպայի 33-րդ միջազգային մրցաշարքին, ուր կը մասնակցին 12 խումբեր:
Ա. խմբակին մաս պիտի կազմեն Լիբանանէն Ռիատին, Սաժեսը, Թունուզի ազգային խումբը, Ահլի Պենզազի (Լիպիա), Սալէ (Մարոք) եւ Նասր (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Բ. խմբակին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ եւ Պէյրութ Ֆըրսթ (Լիբանանէն), Ահլի Թրիփոլի (Լիպիա), Ուահտէ (Սուրիա), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ Ֆիլիփեան կղզիներու Սթրոնկ Կրուփ Աթլեթիքա խումբը:
Մրցաշարքը կը սկսի 19 յունուարին եւ կ՛աւարտի 28 յունուարին:


