Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օ՛Պրայն. «Ուաշինկթըն Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Երկարատեւ Ու Արժանապատիւ Խաղաղութեան»

January 13, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու արժանապատիւ խաղաղութեան, հակառակ անոր որ այդ ուղղութեամբ տակաւին աշխատանք կայ ընելիք: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին 11 յունուարին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն:

«Քանի մը հարց չհաշուած` մենք շատ ոգեւորուած ենք, որ անոնք ունին երկկողմանի յագեցած օրակարգ եւ կը քննարկեն իրենց տարակարծութիւնները: Տակաւին աշխատանք կայ ընելիք, եւ մենք պատրաստ ենք աջակցելու:

«Մենք երկու երկիրներուն հետ ալ լիարժէք յարաբերութիւններ ունինք` տնտեսական, անվտանգային ու քաղաքական կապեր, եւ շատ պիտի ուզէինք, որ երկուքն ալ օգուտներ քաղէին խաղաղութեան համաձայնութենէն: Կը կարծեմ` ասիկա երկու կառավարութիւններուն համար ալ լաւ կարելիութիւն է` աւելին ընելու յանուն իրենց ժողովուրդներուն», ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը:

Օ՛Պրայըն, սակայն, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին չէ անդրադարձած Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հաւանական հանդիպման կազմակերպման, ինչի մասին արտաքին գործոց նախարարի Կովկասի հարցերով աւագ խորհրդականի` երեւանեան այցելութենէն ետք խօսած էր Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Լուիս Պոնոն, ի դէպ, Երեւանէն ետք Պաքու չայցելեց. թէ ինչո՛ւ` ամերիկեան ու ազրպէյճանական կողմերը պաշտօնապէս չեն բացատրած: Օ՛Պրայըն եւս այդ մասին չէ խօսած:

Ան «տպաւորիչ» նկատած է Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգը, Ազրպէյճանի մասին ալ ըսած է, թէ այդ երկիրը «շրջանային զարգացման նպաստելու ծրագիրներ ունի», եւ ամերիկեան կողմին կարծիքով` խաղաղութեան համաձայնութիւնը միայն պիտի նպաստէ այդ պայմաններուն:

«Պիտի ուզէինք կարելիութիւն ունենալ երկու երկիրներուն հետ քննարկելու օրակարգի բոլոր հարցերը` (Ազրպէյճանի մէջ) ձերբակալուած անձերուն առնչուած մեր մտահոգութիւններէն մինչեւ երկկողմանի հարցեր», ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը:

 

Նախորդը

Փաթել. «Մենք Կը Շարունակենք Հաւատալ, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութիւնը Կարելի Է»

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Պաշտօնատարներու Յայտարարութիւնները Նոր Խնդիրներ Կը Բերեն Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Եւ Վստահաբար Չեն Նպաստեր Շրջանային Խնդիրներու Լուծման»

RelatedPosts

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ  Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել
Հայկական

«Հայփոստ»-ը Կը Մերժէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերուն Նամակներ Փոխանցել

October 19, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.