ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի անդամները ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ին նախաձեռնութեամբ մը փորձեցին լուսարձակի տակ առնել Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած մշակութային ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս անոր ոճրային քաղաքականութիւնը:
Արդարեւ, Թուրքիոյ դեսպանատան եւ «Yunus Emre» թրքական մշակութային կեդրոնին հովանաւորութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցած թուրք երգիչ եւ դաշնակահար Levent Gündüz եւ Metin Kiper-ի ելոյթին ԼԵՄ-ականներ եւ ԶՈՄ-ականներ, որոնք սրահին մէջ կը գտնուէին, նոյն պահուն ոտքի ելան եւ ներկաներուն բաժնեցին թղթիկներ, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնէին այն, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, նաեւ` Արցախի, Թուրքիա կ՛ոչնչացնէ ժողովուրդներու մշակութային արժէքները:
Նշենք, որ այս համերգին անձամբ ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, որ իր կարգին ստացաւ թերթիկէն օրինակ մը:
Թերթիկները բաժնելէ ետք ԼԵՄ-ականները եւ ԶՈՄ-ականները դուրս եկան սրահէն, որ գրեթէ դատարկուեցաւ:


