Երէկ` 22 դեկտեմբերի կէսօրին, «Վանայ Ձայն»-ի «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը երկու ժամուան ընթացքին 200 միլիոն լիբ. ոսկի հանգանակեց` ի նպաստ ընկերային կարիքաւոր պարագաներու: Այս առիթով, «Վանայ Ձայն» անցնող օրերուն այցելեց առողջապահական, ընկերային չափազանց բարդ պարագաներու բնակարաններ եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց անմիջական կարիքներուն: Այցելութիւնները յատուկ տեսանիւթերով շաբթուան ընթացքին ներկայացուեցան «Վանայ Ձայն»-ի ընկերային ցանցերով եւ երէկուան յայտագիրին ճամբով:
«Ձեռք երկարենք»-ի երէկուան յայտագիրին հիւրերը եղան վերապատուելի Նշան Պագալեան եւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ընկերային ծառայող Ալպեր Մոմճեան: Յայտագիրը պատրաստեց եւ վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան:
200 միլիոն լիբ. ոսկիի հանգանակութեան առընթեր, երկու տասնեակ հայորդիներ «Վանայ Ձայն»-ի ընկերային բարդ պարագաներուն «ձեռք երկարեցին» առտնին ապրանքներ, խոհանոցային սարքեր, կահոյք, դեղորայք եւ հագուստներ տրամադրելով:
«Վանայ Ձայն»-ի «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը հանգանակութեան իր արշաւը պիտի շարունակէ մինչեւ Նոր տարի եւ հայկական Ս. Ծնունդի նախօրեակին, բնակարաններ երկրորդ այցելութեամբ, յոյս եւ ուրախութիւն պիտի պարգեւէ ընտանիքներու, բաժնեկցելով անոնց դժուարութիւնները եւ մեղմացնելով ցաւերը:
Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն: Հանգանակութեան արշաւը կը շարունակուի եւ մասնակցութեան համար հեռաձայնել «Վանայ Ձայն»-ի հետեւեալ թիւերուն.- 01-241199, 01-267657, 03-409909:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի


