Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Չափազանց Վտանգաւոր Կը Նկատենք Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համաձայնութենէն Հրաժարելու Փորձերը»

December 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաշուի առնելով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բացակայութիւնը` Մոսկուան չափազանց վտանգաւոր կը նկատէ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու համաձայնութիւնները չեղարկելու փորձերը: Այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովաի մեկնաբանութեան մէջ:

«Եռակողմ համաձայնագիրներու շարքը, որ բաղկացած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եւ 31 հոկտեմբեր 2022-ի յայտարարութիւններէն, Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման ոչ այլընտրանքային «ճամբու քարտէս» է: Անիկա կ՛ընդգծէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր առանցքային ոլորտները` տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակում, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատում, խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքում եւ հասարակութեան եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան զարգացում: Այս համաձայնագիրները կը մնան ուժի մէջ, կողմերէն ոչ մէկը անոնց վերաբերեալ իր ստորագրութիւնը ետ վերցուցած է», նշած է ան:

«Հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բացակայութիւնը, մենք չափազանց վտանգաւոր կը նկատենք այս կարեւոր փաստաթուղթերէն հրաժարելու փորձերը: Նման քայլը անխուսափելիօրէն պիտի բերէ լուրջ վտանգներ, նախ եւ առաջ ինքնին Հայաստանի համար», աւելցուցած է Զախարովա` ընդգծելով, որ Մոսկուան կը վերահաստատէ իր առաջարկը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը մօտիկ ապագային Ռուսիոյ մէջ կազմակերպելու վերաբերեալ:

Բացի ատկէ, դիւանագէտը նաեւ նկատած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը, ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, չեն ձգտիր Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի այլ պետութիւններուն մէջ  խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու, որովհետեւ անոնց խնդիրը այլ է. Ռուսիան ու շրջանային միւս դերակատարները դուրս մղել, լարուածութեան նոր օճախ ստեղծել Պալքաններէն, Միջին Արեւելքէն եւ Ուքրանիայէն ետք:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչին համաձայն, հակառակ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ գերիներու փոխանակման եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբի կանոնակարգի համաձայնեցման վերաբերեալ վերջին համաձայնութիւններու կարեւորութեան, Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ սահմանազատման իրական աշխատանքները տակաւին չեն գործարկուած:

«Հայաստանի Հանրապետութիւն Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն հրաւիրելու համար հայկական կողմը հրաժարած է սահմանային գօտիներու մէջ կացութիւնը կայունացնելու ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմներէն», ընդգծած է Զախարովան, ապա աւելցուցած. «Այսպիսով, ղեկավարներու յիշեալ որոշումներուն կեանքի կոչումին փակուղիի մէջ յայտնուիլը Երեւանի գործողութիւններու հակասականութեան ուղղակի արդիւնք է, այլ ոչ թէ Մոսկուայի քաղաքականութեան, ինչպէս ոմանք կը փորձեն պնդել», նշած է դիւանագէտը:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործին Մէջ Թուրքիոյ Դերը

Յաջորդը

Գրիգորեան. «Սահմանազատման Յանձնախումբերու Յաջորդ Հանդիպման Վերաբերեալ Տակաւին Պայմանաւորուած Ժամկէտներ Չկան»

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.