Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնատէրին Հրահանգները Չգործադրելու Հետեւանքները

December 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներու իշխանութիւններուն համար յատուկ է ընդդիմութեան դէմ  արշաւներ, որոնց գործադրութեան ընթացքին իշխանութիւնները միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, որպէսզի լռութեան մատնեն եւ չէզոքացնեն ընդդիմադիր քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ` լրագրողներ եւ լրատու աղբիւրներ ու կուսակցութիւններ, որոնք կը ջանան մատնացոյց ընել եւ լուսարձակները կեդրոնացնել իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վրայ` փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներու ծալքերը յայտնաբերելով:

Բռնատէրին եւ անոր ղեկավարած իշխանութիւններուն համար ընդդիմութիւնը անդամալուծելու եւ զայն մեկուսացնելու բեմագրութիւնը պարզ է: Նախ որոշ շրջան մը միայն դիտել եւ հետեւիլ, որպէսզի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչը կամ լրատու աղբիւրը քաջալերուի` կեցուածքներ դրսեւորելու եւ տեղեկատուական արշաւներ կատարելու համար: Ապա` ճշդուած ժամկէտին հակաարշաւի անցնիլ, անակնկալ խուզարկութիւններ կատարել քաղաքական կուսակցութիւններու թէ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատու աղբիւրներու կեդրոնատեղիներուն մէջ, գրասենեակներուն ու խմբագրատուներուն մէջ, գրաւել համակարգիչներ եւ արխիւներ, ապա հետապնդել եւ նախապէս պատրաստուած ցանկի մը վրայ գտնուող անձեր կալանաւորել, ինչպէս` քաղաքական գործիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, խմբագիրներ եւ լրագրողներ, որոնք կը ջանային պարզաբանել եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել եւ լուսարձակներու տակ բերել իշխանութիւններուն կատարած մարդկային իրաւունքներու խախտումները, կաշառակերութեան եւ փտածութեան պարագաները:

Այս իմաստով Ազրպէյճան կը գտնուի առաջատար դիրքերու վրայ: Հայր եւ որդի Ալիեւներու իշխանութեան ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ միշտ եղած են քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց քաղաքական հայեացքները տարբեր են իշխանութիւններէն: Ասիկա բաւական համոզիչ պատճառ մըն է Պաքուի ղեկավարներուն համար, որպէսզի շինծու ամբաստանութիւններով տուեալ քաղաքական դէմքը, հասարակական գործիչը կամ լրագրողը հետապնդեն, խոշտանգեն, առեւանգեն, սպառնան, կալանաւորեն եւ ձերբակալեն: Քանի մը տեսակ ամբաստանութիւններ ունին իշխանութիւնները իրենց թղթածրարներուն մէջ` սեռային խայտառակութիւններ, օտար ուժերու գործակալ եւ լրտես, Ազրպէյճանի պետութեան համակարգին դէմ աշխատող ահաբեկչական բջիջներու անդամակցութիւն:

Վերջերս աւելցած է նոր տեսակի ամբաստանութիւն մը, որ իր մէջ կը պարունակէ ցեղապաշտական տարրեր: Այն մամլոյ աղբիւրը, որ օրն ի բուն չի գովերգեր Իլհամ Ալիեւը` արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակին համար, կը համարուի Ազրպէյճանը ատող աղբիւր մը, որուն խմբագիրները եւ աշխատակիցները կը հետապնդուին եւ կը կալանաւորուին:

Այս ծիրին մէջ հալածանքի ենթակայ է Ապզաս Մետիա լրատուական կայքը, որուն ղեկավար Ուլվի Հասանլի, գլխաւոր խմբագիր Սեւինճ Վագըֆգըզ եւ այս կայքին հետ գործակցող հանրային գործիչ Մոհամետ Գեգալով ձերբակալուած եւ չորս ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած են: Լրատուական այս կայքը իշխանամէտ լրատու աղբիւրներու կողմէ համարուած է ամերիկեան գործակալներու եւ Միացեալ Նահանգներու հաշոււոյն լրտեսութիւն ընողներու բոյն մը, որ ըստ իշխանական քարոզչական մեքենային` ԱզԹիվի-ի, ամերիկեան լրտեսներու ցանցի մը վերածուած է: Կայքի թղթակիցներ Նարկիզ Ապսալմովա եւ Սահիլա Ասլանովա ձերբակալուած են Ապզաս Մետիայի դէմ կատարուած հակաքարոզչութենէն ետք: Բոլոր ձերբակալեալներուն դէմ արձակուած է ամերիկեան տոլարի մեծ գումարներ լուալու մեղադրանքներ, որոնք եթէ հաստատուին, ձերբակալեալները կրնան մինչեւ տասներկու տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Պաքուի իշխանութիւններուն պահանջն է, որ Ազրպէյճանի մէջ գործող լրատու բոլոր աղբիւրները գովերգեն Արցախի մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները: Ապզաս Մետիա կայքը, սակայն, լրագրական հետաքննութիւններ կատարած եւ բացայայտած է, որ Արցախի մէջ շինարարական աշխատանքներու մեծ ծրագրերու իրականացման իրաւունքը շահած են Իլհամ Ալիեւի երկու դուստրերուն` Արզուի եւ Լէյլայի մօտիկ անձեր: Յայտնապէս այս բացայայտումը զայրացուցած է ալիեւեան աւազակախումբը:

 

 

Նախորդը

Տեսակաւոր «Դրախտներ»

Յաջորդը

Հոգեկան Ճնշումի Մասին Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.